Ո՞ՒՐ ԵՐԳԵԼ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԱՂՕԹԵԼ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ծաղկաձորէն եւ Աղվերանէն ետք, այս անգամ հայրենի մեր բարեկամները մեզի,— այսինքն՝ ինծի եւ կնոջս, — թելադրեցին «օդափոխութեան համար» նոր վայր մը՝ Ստեփանաւան երթալ: Թէեւ գիտէի, որ Հայաստան համայնավար հերոս Ստեփան Շահումեանի անունը յաւերժացնող բազմաթիւ յուշարձաններ կային, սակայն իր անուան հետ կապուած օդափոխութեան վայրի մը գոյութեան մասին անկեղծօրէն անտեղեակ էի:

Ստեփանաւանը Լոռիի շրջանէն ներս գեղեցիկ ու մեծ գիւղ մըն է,— աւան մը, ինչպէս անունը կը թելադրէ,— որուն շրջակայ բլուրներուն վրայ հանդարտօրէն հանգչած էին այսպէս կոչուած «հանգստեան» տուներ: Եթէ գիւղէն դէպի պանդոկներ տանող ճամբուն խեղճութիւնն ու զանազան հոտերը նկատի չառնէի, իր տեսքէն դատելով ան փոքր Զուիցերիա մըն էր ինծի համար:

Մեր բարի բախտէն, առաջին օրն իսկ պանդոկապետը մեզի մտերմօրէն յայտնեց, որ գիւղէն քիչ հեռու կը գտնուէր «Լոռի միջնաբերդ-ամրոց քաղաքը»:

—Չէք փոշմանի, գնացէ՛ք եւ տեսէ՛ք, ախր պատմական էլ է,— ըսաւ համոզիչ շեշտով եւ վայրկեանին, առանց իմ պատասխանիս սպասելու, «զանգեց» եւ յաջորդ առաւօտ կանուխ մեզի դէպի այդ ամրոցը փոխադրող թաքսին ապահովեց, եզակի ու հաստատ անկեղծութեամբ:

Առաւօտուն, որոշուած ժամուն, մեր մեքենավար Սերգէյը իր ինքնաշարժով արդէն մեզի կը սպասէր: Ու ամբողջ ճամբու ընթացքին, իր աշակերտներուն նոր դասը խանդավառ բացատրող ուսուցիչի մը նման, ան խօսեցաւ ու խօսեցաւ, առանց առիթ տալու, որ ես ալ իմ կարգիս գոնէ «բաներ» մը ըսէի աւելցնէի: Նոյնիսկ սրտանց ծիծաղելով յայտնեց նաեւ, թէ ինք ներկայիս թոշակառու է եւ հինգ թոռներու ալ պապիկ, եւ Լոռիի շրջանէն ներս պատմութեան ուսուցիչ ալ եղած էր եւ նոյնիսկ Ղարաբաղեան պատերազմին մասնակից ազատամարտիկ:

Այսպէս, մահը իր աչքերուն մօտէն տեսած, սիկարէթը միշտ բերնին, կիսկատար ակռաներով, կարճահասակ, մեր ուսուցիչ-մեքենավար Սերգէյը ծանր բան մը բռնած իր ձայնով պատմեց, թէ այդ ամրոցը ե՞րբ հիմնուած էր, թէ ո՞վ էր Բագրատունի տոհմէն Դաւիթ Անհողին թագաւորը, եւ թէ ամրոցը, որ միեւնոյն ժամանակ Տաշիր-Ձորագետ թագաւորութեան մայրաքաղաք ալ եղած էր, ինչպէ՞ս դարձած էր առեւտուրի հսկայ կամուրջ մը, Վրաստանի եւ Անիի միջեւ, եւ թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունէր ամրոցի եզրին, երկու լեռներուն խորը գտնուող սարսափելի եւ անհուն հովիտի մը մէջէն դարերէ ի վեր մեծ աղմուկով վազող Ձորագետը: Այս բոլորը կը պատմէր վարակիչ ապրումով, ինծի կը բերելով նոր մտածումներ:

Վերջապէս հասանք փլատակ բերդ-ամրոցը: Մեզմէ զատ կային նաեւ հայ եւ օտար մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ: Ու թէեւ երկինքը ջերմութեամբ կը ժպտար, սակայն աշունը հասած էր իր խօսքը ըսելու: Սկսանք մեր պտոյտին, զգուշաւոր հետեւելով Սերգէյին քայլերուն եւ ձայնին: Հինցած ու դարերը մաշեցուցած ժայռերուն վրայ պատմութեան շունչը կար: Սերգէյ զանոնք մէկ առ մէկ մեր առջեւ սկսած էր պարզել համբերութեամբ:

Ուրախ էի եւ հպարտ: Ի տես այս բոլորին, կը զգայի, որ հայ աշխարհը եթէ փորես, տակէն անպայման կեանք պիտի ծնէր: Անկասկած, որ գիտակցութեանս առջեւ կը բացուէր մեր իսկական էութիւնը: Բայց յանկարծ կնոջս ձայնը ընդմիջեց ամէն մտածում:

Կինս Լիբանան բնակող իր նախկին ընկերուհիներէն մէկուն հանդիպած էր: Ի՜նչ ուրախութիւն եւ անակնկալ: Ու համաձայն անգիր սովորութեան, պատմական ամրոցի բացատրութիւնները զիջեցան դպրոցական եւ դրացիական կեանքի յուշերուն: Այդ վայրկեանին տարիներու կարօտը կարելի չէր ուրիշ բանով փոխարինել:

—Դուք գացէ՛ք,— ըսաւ կինս համոզիչ, եւ քիչ մը մէն ալ պաղատագին,— ես ձեր ետեւէն կը հասնիմ: Հնազանդեցանք: Իրաւունք ունէր: Ու ես ու Սերգէյը շարունակեցինք փոշոտ ու նեղ մեր ուղին, որ մեզի հասցուց փոքրիկ շինութեան մը դիմաց:

—Ահա պալատի մատուռը,— ըսաւ իմ հաւատարիմ առաջնորդս,— դու նայէ՛, ես պապիրոզ մը ծխեմ…:

Մօտեցայ: Ինչ մեղքս պահեմ, փլատակ եկեղեցւոյ մը անճանաչելի խորանի մը մնացորդացը: Անկեղծօրէն մտովի փորձեցի հայկական մատուռ մը պատկերել, բայց… Ապա, չեմ գիտեր ինչպէս, յանկարծ որոշեցի աղօթել: Մէջէս ինքնածին, տաքուկ, հաւատք բուրող բառերովս նախ «Հայր մեր» մը ըսի արագ, միաժանակ նայուածքիս խառնելով հիացմունք ու զարմանք: Ի վերջոյ, Բագրատունիներէն ժառանգ հասած «խորան»ի մը առջեւն էի կանգնած: Հաւատքս իսկապէս զօրացած ըլլալու էր, ինչպէս նաեւ ներքին յուզումս ալ՝ բազմացած:

Աղօթեցի: Վերջ: Յետոյ քանի մը քայլ ետեւ եկայ: Սերգէյը զիս կը դիտէր, մեծ «բարիք մը» ընողի նայուածքով: Ինքն ալ իրաւունք ունէր: Եկած էի Ամերիկայէն: Արդեօք տեղին չէ՞ր, որ այս փլատակ խորանին առջեւ ծունկ մը աղօթք ընէի: Ուխտ: Հայու հաւատք եւ ուխտ:

Յանկարծ կնոջս ձայնը լսեցի: Անպայման ընկերուհիէն զատուած ըլլալու էր:

—Ան շուտով Երեւան պիտի վերադառնար…,— ըսաւ արդարացուցիչ ձայնով եւ արագ, ու դէմքիս զարմանքը տեսնելով՝ շարունակեց.— բայց, դուն հո՛ս, ինչո՞ւ կեցած ես , եկո՛ւր, քալէ՛, երթանք ամրոցին մատուռը…, տեսնես ի՜նչ գեղեցիկ է..:

Ու թեւս մտնելով, զիս քաշքշելով տարաւ իմ «մատուռ»էս շուրջ հարիւր մեթր անդին գտնուղ փլատակի մը առջեւ: Է՜հ, իսկապէս, որ մատուռ էր: Խորանը թէեւ կիսաքանդ, սակայն ամեն բան իր տեղն էր: Այս մէկը ո՜ւր, իմս ո՜ւր…:

—Քա՛, մարդ, խելքդ աշխատցո՛ւր, ինչո՞ւ այդպէս կեցա՛ծ ես փլատակ բաղնիքին առջեւ. քալէ՛:

Ալ չուզեցի շարունակութիւնը լսել: Մեծապէս սխալած էի ու մանաւանդ խաբուած: Անմիջապէս վարորդիս նայեցայ: Այդ պահուն գլխուս մէջ կարծես հրաբուխ կար, իսկ աչքերուս՝ կայծակ: Ես յիմարաբար Սերգէյին հաւատալով կեցած ու աղօթած էի բագրատունիներու բաղնիքներէն մէկուն մէջ: Կարծես մէկը «վերէն վար» վրաս պաղ ջուր թափած ըլլար: Մատուռ եւ բաղնիք…: Ես զիս ոչ միայն մեծապէս խաբուած կը նկատէի, այլ նաեւ ծիծաղելի: Եթէ չամչնայի՝ պիտի լայի… Մէկ խօսքով, ապուշ դարձած էի: Հապա, այդ վայրկեանին եթէ մէկը զիս տեսած ըլլար… հապա եթէ այդ մէկը կինս ըլլար… այս ի՜նչ խայտառակութիւն… Եկուր եւ բացատրէ, որ յիմար Սերգէյն էր…

Բերնիս մէջ անորոշ տողեր սկսած էին երգել: Այդ մէկը զգալի էր արդէն: Բարկութենէս կրկին անգամ նայեցայ Սերգէյին: Անոր դէմքն ու մարմինն ալ պաղ քրտինք մը բռնած ըլլալու էր: Ինքն ալ կը զգար իր սխալը, մեծ «կաֆ»ը: Անկասկած հիմա իր լիճին մէջ ալ ալիք մը կար, իսկ աչքերուն՝ ինծի նման ցաւոտ նայուածք:

Ծօ՛,— կը կրկնէի մտովի ու տանջուած,— լաւ որ տակաւին ըստ աւանդութեան բարձրաձայն «տէր ողորմիա» մըն ալ չէի երգած… մարդ Աստուծոյ, ո՞ւր տեսնուած է բաղնիքին մէջ աղօթել, հոն միայն կ՚երգեն, ապուշ…կ՚եր…գեն… ո՛չ թէ կ՚աղօթեն… յիմար անխելք կկու…:

Ու անկէ ետք, ամեն անգամ երբ այս դէպքը յիշեմ, ինքնածին ծիծաղ մը կը գծագրուի դէմքիս վրայ:

Լոս Անճելոս

Leave a Reply