ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Քու ժպիտիդ մէջ անցեալ, աչքերուդ մէջ երգ մը հին՝
Կրկին գտաւ իր հոգին,
Եւ քարացած հայեացքով սուզուեցաւ խորքն անցեալին՝
Փրկելու խենթ իր հոգին,
Ջերմ բարեւով համբուրեց կաթիլ մ’արցունք իր աչքին.
Վերադարձաւ իր հոգին,
Անվերադարձ այս կեանքի, թեքուելով դէպ անհունին՝
Խեղդեց ժպիտն իր հոգին:

* * *

Բոլոր անոնց, որոնք անցան սիրոյ ճամբէն անաւարտ՝
Սէրս անհուն կ՚արձագանգէ ակունքներէն անարատ,
Ձեզ կ՚ողջունէ սիրտը իմ ու իղձերուն ձեր կիսատ
Կը նուիրէ պայքարն իր եւ յաղթանակն յորդառատ:

* * *

Եւ կը մնաս հորիզոնիս միակ արեւն փայլփլուն,
Որուն շողին տակ պայծառ կը ծնի երգս անհուն,
Անոր լոյսով կը սուրայ երկինքներով ասմազուն,
Ու կարմիրին մէջ անմահ կը ննջէ վէրքն անանուն:

Եւ կը մնաս դուն միակ իմ տէրն, իմ հէ՜գ երազանք,
Որուն սիրտը ափերուս մէջ ստացաւ նոր գուրգուրանք,
Անոր պոռթկումը ահեղ ունեցաւ բիւր արձագանգ,
Բայց մոխրացած հաւատքը հնչեցուց նոր ահազանգ:

* * *

Սէրս կարծես ափերուս մէջ ձիւնի նման փաթիլ-փաթիլ,
Պիտի հալի կարօտանքիս հուրով դարձած կաթիլ-կաթիլ,
Սէրս դարձեալ անխօս կրակ` կը ճարճատի մերկ ու մինակ,
Ա՜խ, ուր էր թէ` այրէր հեռուն, բերէր գարուն ու մանիշակ:

* * *

Ե՛կ սրտիդ մէջ ծառ մը տնկէ տօնական,
Եւ բոլորին մաղթանքներով իսկական
Թող զարդարուի հոգին ծառիդ մոգական։
Թող փայլփլին երազներդ կատարին
Իր պերճանքով օրերդ մերկ կանաչին։
Եւ հաւատայ, որ անոր մէջ կը վազէ՝
Սէրդ որպէս աւիշ ու կեանք…Սպասէ՛
Դեռ իղձերդ, կիրքերդ, երգերդ արծաթէ
Պիտի հնչեն անցեալի խոր անդունդէն…
Ուստի ընկեր, սրտիդ մէջ ՅՈՅՍը տնկէ։

* * *

Երակներէս դէպի դուրս թռիչքս խենթ փոթորկոտ՝
Երազներուս հրավառ ազատութիւն ես տուի,
Որ տարածուին ամէնուր ու փայփայեն ամէն երգ,
Եւ քարացած հնչիւնին պարգեւեն կեանք ծլարձակ,
Թող մաղթանքիս հետ բոսոր՝ թակեն սրտերը մոլոր,
Որ նոր տարուան լոյս շէմին գտնեն գիրկ մը խաղաղկոտ:
Թող աղօթքս երկնածոր գրկէ հոգին մարդկային,
Որ ձիւնապատ սրտերէն կրկին ծաղկի ձիթենին:

* * *

Բարի լոյսի խօսք մը տաքուկ
Թող միշտ ծագի չորցած բերնէդ,
Քան թէ մրոտ նախանձ ու բուք
Ահեղ վազեն երակներէդ:
Բարի յոյսի աղօթքն անհուն
Թող միշտ բխի սրտիդ խորքէն,
Եւ ոտքերդ թոյլ ու անտուն
Չհալածուին կեանքի մեղքէն:

* * *

Եթէ կերտես հոգիիդ մէջ հաւատամքի սիւն մ’ամուր,
Եւ անոր շուրջ բարձրացնես սկզբունքներ ամրակուռ
Ու զարդարես դղեակները վարք ու բարքով միշտ մաքուր՝
Պիտի հասնիս խաղաղութեան, սիրոյ կեանքի մը հանուր:
Թէ կտակես բոլորին բարի կեանք մը ընդհանուր
Հաստատ պիտի ժառանգես Սէրը ազնիւ ծաղկաբուր,
Եւ օրհնանքով լեցնես համայն աշխարհը թափուր:

* * *

Աչքերուս մէջ վերադարձիր, կապոյտիդ հետ երկնածոր
Խաղաղութիւն բեր հոգիիս, երազներուս հեռաւոր՝
Վերադարձի նոր յոյս դարձիր, Երկինք մը բեր աստղածոր.
Ե՛կ ծաղկեցուր մոխիրներս՝ նոր հուրով մը լիազօր:

* * *

Ով ուրանայ տաքուկ տունն իր հայրական,
Պիտի այրի դժոխքին մէջ իսկական,
Վարդը գրկած եթէ արմատն անտեսէ՝
Ամբողջ կեանքը արիւն արցունք պիտ կիսէ:

* * *

Անցեալին մէջ մի՛ փնտռեր երազներուդ պատասխան,
Կեանքդ ի զո՜ւր մի՛ վատներ ըղձանքներով անսահման,
Միեւնոյնն է ճանապարհիդ աւարտին կայ գերեզման…
Քանի դեռ շունչ կայ վրադ՝ վայելէ սէրեր բազմազան:

* * *

Փոթորիկ մ’ալ դուն եղիր սրտիս խորքէն արձակուած,
Որ պիտ քանդէ մարդկային պատնէշները մերժուած…
Յետոյ կերպովն աղաւնիի վերադարձի՛ր սրբացած,
Հանգչելու մէջ հոգիին, բոլոր մարդկանց մոռցուած:

* * *

Դուք բարութեան խորհրդանիշ
Համբերութեան անխորտակ պատ,
Գարնանային անծոր աւիշ
Մեզի համար լոյս անարատ:

Գուրգուրանքի անսահման ծով՝
Խաղաղութեան ափն էք կեանքի
Կը տառապիք՝ ձեր սիրտն է զով,
Ձեր սիրտն է հով ծովասարի:

Մե՞նք, թէ՞ դուք էք մեզի նուէր,
Աստուածազօր, զուլալ, անմեղ…
Բայց ձեր վարքով միշտ անձնուէր
Մեր մայրիկներ հրաշաքեղ:

* * *

Տարբերութիւնը իմ եւ քու միջեւ շատ չէ, հաւատա՛,
Ես ու դուն նոյնքան ռոմանթիքներ ենք,
Ես ու դուն նոյնքան իրապաշտօրէն
Գիտենք սիրելով՝ իրար ցաւցնել:
Կը ճանչնանք սիրոյ կանոնները հին,
Բայց դուն ինձմէ քիչ մը աւելին:
Գիտենք այս կեանքի դարձուածքները,
Խայթուածքներուն՝ մենք վարժ ենք վաղուց…:
Ափսո՜ս, մեր միջեւ հսկայ վիհ մը կայ,
Կարծես անշպար, լիրբ պոռնիկ մը կայ,
Որ ես կը կոչեմ թիւրիմացութիւն…
Թէ չէ, ինչո՞ւ դուն այսքան խստօրէն
Պատիժ արձակես, եւ զիս վտարես
Քու զով դրախտէդ մեղրահամ, թովիչ
Եւ «նուրբ» վարմունքով քիչ մը խորտակիչ
Զիս դատապարտես յաւէտ լռութեան,
Ամայութեան մէջ հէ՜գ հոգիս խեղդես:
Քսանչորս ժամով ալիքներդ բոլոր
Քաշես ու տանիս հեռու ափերէս,
Զիս անջուր, անլուր եւ անյոյս թողես:
Քսանչորս ժամով պատկերիդ առաջ
Քսանչորս հազար անգամ ծունկի գալ,
Անունդ տալով՝ ներումդ բաղձալ,
Կրկին քեզ սիրել, սէր հայցել, ըղձալ:
Տարբերութիւնը իմ եւ քու միջեւ՝
Որ դուն կը ներես մեղքերս բոլոր,
Իսկ քեզ սիրելով ես եմ բախտաւոր:
23-08-2005

* * *

Սիրելը քաղցր է,
Բայց եւ աւելին՝ քաղցր է սիրալիր
Գրկել սիրածին սպասումէն ետք,
Եւ սեղմել կրծքիդ կարօտի հազար դարերը ամպոտ
Եւ զգալ այնտեղ հանդիպման պահը անուշ, հոգեթով
Ինչպէս եւ բոսոր արեւածագը քնքուշ եւ շաղոտ:

Ապրիլը քաղցր է,
Երբ սպասումներդ երկար ու անքուն
Դուն պսակած ես սիրով փափկասուն,
Արդէն աւելի քաղցր է ու սահուն՝
Կեանքդ, գնացքդ:

Իսկ ի՞նչն է ամէնէն քաղցրը, մատչելին.
Ապրի՛ր եւ սիրէ՛, սիրէ՛ եւ ապրի՛ր
Եւ սիրով կեանքիդ
Ամէն վայրկեանին,
Սիրով սպասէ՛,
Եթէ դուն կ՚ուզես ճաշակել միայն
Ամենաքաղցրը, նուրբն ու համեղը:

Ամենաքաղցրը հաւատա՛ խօսքիս,
Սիրոյ սպասման ապրումն է հոգիս:
10-8-2005

 

Հեղինակին մասին.

Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան ծնած է Հալէպ 1978-ին։ աւարտած է Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը, որմէ ետք՝ Հալէպի Պետական համալսարանի Քիմիագիտական բաժանմունքը: Չորս տարի պաշտօնավարած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանէն ներս որպէս միջնակարգի ու աւագ բաժնի ուսուցիչ: Ապա 2007-ին հրաւիրուած է Քուէյթ եւ ստանձնած տեղւոյն ազգային վարժարանի (ճեմարան) փոխ տնօրէնի պաշտօնը, միաժամանակ դասաւանդելով Հայ դատի նիւթը:

2008-էն ստանձնած է Քուէյթի «Ազդարար» շաբաթաթերթի խմբագրի պաշտօնը:

Արեւմտահայերէն տարբերակով հրատարակած է Թումանեանի հեքիաթներէն շարք մը: Անդամ է Սուրիահայ Գրողներու համախմբումին: Բանաստեղծութիւններով ու յօդուածներով պարբերաբար հանդէս եկած է սփիւռքի մամուլի մէջ: Մասնակցած է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ զանազան խորհրդաժողովներու, ճամբարներու եւ համագումարներու: Ներկայիս ուսանող է Հայաստանի Մանկավարժական Համալսարանի «տարրական կրթութիւն եւ մեթոտիկայի» մագիստրատուրայի բաժնին:

 

 

 

Leave a Reply