Իգնա Սարըասլան, Դէպի հորիզոն։ Բանաստեղծութիւններ

Դէպի հորիզոն։ Բանաստեղծութիւններ։ Հայերէն, 2016, 132 էջ,  ներառեալ բովանդակութեան ցանկ։

Բանաստեղծ, բանասէր, թարգմանիչ, բժիշկ Իգնա Սարըասլանի Դէպի Հորիզոն 2016-ին հրատարած հատորը իր չորրորդ քերթողագիրքն է։

Դէպի Հորիզոն հատորը կը սկսի Իգնա Սարըասլանի իւրայատուկ խորագրով՝ քանի մը տողով (էջ 5) ՝

Երկինքը ծնրադրեց

            Ծովուն հետ համբուրուեցաւ

                        Համբոյրը հորիզոն կոչեցին։

Այս նախերգանքէն ետք հատորը ընթերցողի առաջ կը ներկայացնէ հեղինակի 1969-էն 2015 թուականներուն գրած բանաստեղծութիւններէն հոյլ մը, մէկտեղուած է ութ բաժիններու մէջ, խորագրեալ Վառէ՛ կրակ մըն ալ դո՛ւն վառէ, Կէտադրութեան նշաններ, Կ՚անցնի կեանքը սէրը կը մնայ, Էնա մէնա տոսի տոսի սաքլամպոսի, Տարինա, Դուն սէր, Մաղթանք յոյս եւ սէր, Դէպի հորիզոն։

Իգնա Սարըասլան 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ գրականութեան սիրոյ ամենանուրբ երգիչն է, 20-րդ դարավերջի պոլսահայ գրականութեան գագաթային անուններէն մէկն է:

Սարըասլան ծնած է Պոլիս (Իսթանպուլ, ինչպէս ինք կը գրէ) 1945-ին: Յաճախած է Պոլսոյ Սէն-Ժոզէֆ ֆրանսական լիսէն, 1969-ին բժիշկ վկայուած է տեղւոյն Համալսարանի Բժշկական բաժինէն: Դոկտ. Սարըասլան կը պաշտօնավարէ Պոլսոյ մէջ իբրեւ (իւրոլոկ) վիրաբոյժ: Գրել սկսած է փոքր տարիքէն։ Առաջին եւ միակ հայագիր հեղինակն է, որ ընտրուած է արդի Թուրքիոյ գրողներու միութեան անդամ, ինչպէս եւ անդամ է «Համաշխարհային Գրողներու Միութեան» (PEN) պատուոյ խորհուրդին : Իր քերթուածներէն ոմանք հրատարակուած են Թուրք գրական պարբերաթերթերու մէջ, եւ սփռուած Թուրքիոյ ձայնասփիւռներէն, ինչպէս նաեւ մաս կազմած են դասագիրքերու եւ հաւաքծոներու։

Մինաս Թէօլէօլեան Դար մը գրականութիւն Բ. Հատորի մէջ Իգնա Սարըասլանի մասին գրած էր թէ ան «տաղանդ ունի. Մանաւանդ ինքնութիւն ունի» (1982, էջ 553) ու իր բանաստեղծութիւնները նոր ոճագրութեամբ կը ներկայանան եւ կը յատկանշուին մտերմութեան զգացումով (էջ 530)։ Թէօլէօլեան Իգնա Սարըասլանի քերթուածներուն մէջ կը գտնէր խտանալու արժանիք եւ ատակութիւն մտածական ու լեզուական երեք-չորս տողերու մէջ «վէպեր» ամփոփելու և «նոր» գրականութեան «պսակը ամրացնելու իր գլխուն վրայ» (էջ 554)։

Ան վարպետն է խտացեալ բանաստեղծութեան ինչպէս «Մաղթանք» երկտողեայ քերթուածին մէջ (էջ 101)՝

«Ձեր արցունքը մեր այտերէն

թող հոսի

Մեր ժպիտը ձեր աչքերուն մէջ

թող ցոլայ»։

Նոյնպէս հետեւեալ քանի տող բանաստեղծութեամբ (էջ 12)՝

«Ծնաւ — կարծեցին թէ բնաւ

պիտի չապրէր

Ապրեցաւ — կարծեցին թէ բնաւ

պիտի չմեռնէր

Մեռաւ — կարծեցին թէ բնաւ

չապրեցաւ»։

Սարըասլան նաեւ վարպետն է բազմատող քերթուածներուն ինչպէս օրինակ հոս (էջ 5)՝

 

«Մարած կրակներու

մոխիրներով մի՛ զբաղիր

Նոր կրակ մըն ալ դո՛ւն վառէ

 

Դեղնած տերեւներով

մի՛ պարապիր

Թօշնած ծաղիկներով

մի՛ տագնապիր

Նոր ծառ մը — նոր ծաղիկ մըն

ալ դո՛ւն տնկէ

 

Հին առասպելներու հոսանքն

ի վեր մի՛ նաւարկեր

Նոր դիւցազներգութիւն մըն ալ

դո՛ւն կերտէ

Նոր հերոս մըն ալ դո՛ւն ստեղծէ

 

Լուռ հրաբուխներու

գագաթին թառած

Լիճերուն մէջ մի՛ լողար

Հրաբուխ մըն ալ

Նոր հրաբուխ մըն ալ

Նոր հրաբուխ մըն ալ դո՛ւն եղիր

Եւ գաղափարի լաւաներով

խաւարները փարատէ՛

 

Ժանգոտած կղպանքներով

մի՛ մաքառիր

Փակ դռներով մի՛ պայքարիր

Լուսաւոր հորիզոններու վրայ

բացուող

Նոր դուռ մըն ալ դո՛ւն եղիր

 

Մարած կրակներու մոխիրներով

մի՛ զբաղիր

Մի՛ վարանիր — վառէ՛

Ճրագ մըն ալ

Կրակ մըն ալ դո՛ւն վառէ»։

 

Յակոբ Մանուկեան իր «Անվերջակէտ Զրոյց` Մեր Գրականութեան Երախտաւորներուն Հետ» (Հեղինակ` Մաքրուհի Պ. Յակոբեան) անդրադարձին մէջ կը գրէ թէ Սարըասլան, «Գրական կեանքի մէջ յաջողութիւն ձեռք կը ձգէ, երբ «Լօ» խորագրեալ գիրքը կ՛արժանանայ ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան առաջին գրական մրցանակին» եւ «թէ սոյն գործի վաճառքէն գոյացած հասոյթը կը յատկացնեն Յակոբ Մնձուրիի (1886-1978) «Կռունկ ուստի՞ կու գաս» պատմուածքներու տպագրութեան հիմնադրամին», ինչպէս նաեւ «Լօ»-էն 20 տարի ետք, «1994-ին լոյս կը տեսնէ «Քառասմբակ սէրերով» բանաստեղծութեան հաւաքածոն, որ կ՚արժանանայ Թէքէեան մշակութային միութեան Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակին: 25 յուլիս 1967-ին, Իգնա Սարըասլան, իբրեւ «Մարմարա»-ի աշխատակից` կը տեսակցի Պօղոս Զ. պապին հետ, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէ Պոլիս»:

Ան նաեւ հարցազրոյցներ ունի բազմաթիւ երեւելի դէմքերու հետ։

Իր հրատարակած հատորներէն են՝ «Լօ» (1994) բանաստեղծական հատոր, «Յիսնամեայ Յուշամատեան Ս. Թագաւոր Երգչախումբի» (1990) ուսումնասիրական աշխատութիւն, «Քառասմբակ Սէրերով» (1994) բանաստեղծական հատոր, «Սիրոյ Գոյնը» (1998) բանաստեղծական հատոր, «Սրբուհի Տիւսաբի հետքերով», Մարմարա (2006) բանասիրական աշխատութիւն։

Ս.Ա.Յ.

Leave a Reply