Tag Archives: Յարութիւն Քիւրքճեան

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ. ՏՈՒՆԴԱ՞ՐՁ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

«Ես հաւատում եմ, հայ ժողովուրդ, քո Դարձին, ... վասնզի կամրջընկեց Արաքսի ափերին, Մասիսի խորհրդաւոր հայեացքի տակ մեր Հայրենիքը կայ, ... որ ակնդէտ ու խռովայոյզ՝ նայում, նայո՜ւմ է ճամբաներին...»:
Ա. Ահարոնեան, Քառասնամեայ յոբելեանի ճառէն (1930, մայիսի 10)

Վերջին տասնամեակին, հայրենի գրական-ակադեմական գործունէութիւնը զգալի աճ մը ճանչցաւ` կապակցաբար հրատարակչական գործին, ու յատկապէս՝ խորհրդային տասնամեակներու արգիլուած-անտեսուած հեղինակներու եւ երկերու: Աճ մը, որ հակում ունի շարունակուելու — մասնակի վերհրատարակութիւններ (երկերու, հազուադէպօրէն՝ նաեւ ամբողջական գործի). կամ՝ ասոնց նուիրուած մենագրութիւններ, երբեմն ծաւալուն. եւ վերջապէս՝ աւելի յաճախակի՝ պարբերական մամուլի վերլուծական յօդուածներ կամ համառօտ ակնարկներ: Continue reading ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ. ՏՈՒՆԴԱ՞ՐՁ

Շ. ՇԱՀՆՈՒՐ՝ ՎԵՐՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՎԵՐԱՅԱՅՏՆՈՒԱԾ

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼՈՒՍԱՆՑՔԻՆ

«ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ, ԵՐԿԵՐ», Ա. ԵՒ Բ. ՀԱՏՈՐՆԵՐ.

«ՅԱՂԱԳՍ ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ», ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Հրատ. »Ազգ«, Երեւան, 2016

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

 

«Շահան Շահնուր»,— եռահատոր այս հրատարակութիւնը, առաջին զոյգ գիրքերով ենթախորագրուած՝ «Երկեր», եւ փակուող՝ «Յաղագս Շահան Շահնուրի» երրորդ գիրքով,— ուշագրաւ երեւոյթ է մեր գրական-հրատարակչական կեանքին մէջ, արժանի յատուկ անդրադարձի:

Պիտի արժէր, առ ի ծանօթացում լայն հանրութեան, ընել շարքի մէկ հանգամանաւոր ներկայացումը: Բայց այս սիւնակը պիտի Continue reading Շ. ՇԱՀՆՈՒՐ՝ ՎԵՐՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՎԵՐԱՅԱՅՏՆՈՒԱԾ