Tag Archives: Բժ. Օհան Թապաքեան

ԼԵՒՈՆ ՀԻՄԻՏԵԱՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ՀՐՇԷՋԸ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Հալէպի հրշէջներու կայանը 1940-50-ական թուականներուն կը գտնուէր Նէյյալ թաղին մօտերը, բժիշկ Յակոբ Գասապեանի դարմանատան դիմացի կողմը, միաժամանակ ան մեր ամենօրեայ՝ դէպի դպրոց եւ կամ ակումբ՝ երթեւեկի ճամբուն վրայ էր։
Փոքրերուս համար, կայանին առջեւէն մեր անցած միջոցին հրդեհ ազդարարող, խլացնող, թոքերը պատռող երկարատեւ սոյլերը եւ հրշէջներուն զգեստաւորուած, մետաղեայ գլխարկներով, երկրորդ յարկէն երկաթեայ գլանաձեւ սիւնին վրայէն սահելով վար գալն ու հապճեպ կերպով ինքնաշարժերուն վրայ ցատկելը, ուշագրաւ ու հետաքրքրական երեւոյթ էր, ու պահ մը կանգ առնելով դիտէինք պարզուած արտասովոր ու տպաւորիչ երեւոյթը, — ինչ որ փոքր տարիքիս զիս մղած էր ծնողքիս ու շրջապատիս յայտարարելու, թէ երբ մեծնամ կը փափաքիմ հրշէջ ըլլալ, կամ քաղցրեղէնները շատ սիրելուս՝ փախլաւաճի…։ Continue reading ԼԵՒՈՆ ՀԻՄԻՏԵԱՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ՀՐՇԷՋԸ

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ
Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Վկայ եղա՞ծ էք ժամը հարիւր քիլոմեթր արագութեամբ սուրացող մրրիկի մը, որ իր ընթացքին մէջ առանց խնայելու ատակ է արմատախիլ ընել ծառեր ու վար առնել բնակարաններու կտուրներ։ Ներսէս Պարսումեան այդ մրրիկը հանդիսացած է 1940-50-ական թուականներուն՝ Հալէպի ազգային ու ուսումնական կեանքին մէջ։ Continue reading ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

ՄԵՐ ՍԱՓՐԻՉԸ

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Հալէպ կեցութեանս մօտ քսան տարիներուն ընթացքին, մեր ընտանիքը հաւատաւոր կերպով միշտ նոյն մատակարողները ունեցած է. նոյն կաթնավաճառը, նոյն մածնավաճառը, նոյն դերձակը, նոյն կօշկակարը, ու նոյն սափրիչը։

Հալէպի մեր սափրիչը Նշան Վարդանեան անունով մօտ 45 տարեկան անձ մըն էր, որուն աշխատատեղը Թիլէլէն դէպի Ճիտէյտէ թեքուող թաղին անկիւնը կը գտնուէր։ Փոքր ու չափազանց պարզ սափրիչատուն մը, հսկայ հայելիի մը առջեւ Continue reading ՄԵՐ ՍԱՓՐԻՉԸ