ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ի՞նչ կրնայ նշանակել «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ը արեւմտահայ սփիւռքահայուն համար։ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ «Լիբանանահայ գիրքը 2012-2016» խորագրեալ ձեռնարկը այդ դրսեւորեց Լիբանանի մէջ սոյն տարիներուն հրատարակուած հայալեզու գիրքերու ճամբով։ Արդարեւ, համալսարանի «Տէրեան» գրադարանին կազմակերպած այս ձեռնարկը իր լուսարձակը ամբողջութեամբ ուղղեց հայերէն գիրքերու հրատարակութեան եւ ընթերցման նիւթին։ Ձեռնարկը արծարծեց արհեստագիտութեան ազդեցութեամբ յառաջընթացող 21-րդ դարուն ներգործումը գիրքի օգտագործման եւ սպառման մէջ, գիրքը նկատեց սփիւռքահայուն գոյատեւման պարարտ հող, ինչպէս նաեւ գնահատեց հեղինակները եւ «Տէրեան» գրադարանին գիրքի նուիրատուները։
Այս առիթով ձեռնարկի բանախօսը՝ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան յատկանշական ընդգծումներով եւ միտքը գրգռող գաղափարներով հանդէս եկաւ։ Ան տպագրութիւնը նկատեց ժողովուրդի մը զարգացման լաւագոյն արժէչափը, եւ հետեւաբար հակիրճ բաղդատութիւն մը ըրաւ Լիբանանահայ գաղութին պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն ընթացքին լոյս տեսած հրատարակութիւններուն թիւին մասին։ Աւագեան իր տուեալներէն ետք յայտարարեց, թէ Պէյրութ կը շարունակէ մնալ հայ գիրքի երկրորդ մեծագոյն կեդրոնը։ Անշուշտ անկարելի է անդրադարձ չկատարել հայոց պատմութեան սփիւռքեան իրականութեան եւ հայ գիրքի դերակատարութեան մասին. այս իմաստով Աւագեան նշեց, թէ հայ գիրքը խթան հանդիսացած է հայ ինքնութեան պահպանման, որուն ընդմէջէն մտահոգութիւն յայտնեց ներկայ իրավիճակին մասին, ուր հետզհետէ կը պակսի գրասիրութիւնը, անկախ ատկէ, որ դարը թուայնացուցած է գիրքը եւ անկախ ատկէ, որ տնտեսութիւնը կը դժուարացնէ գիրքի սպառումը։
Վիգէն Աւագեանի խօսքը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ։
Սակայն նախքան անցնիլը անոր, կ՚արժէ անգամ մը եւս հարց տալ մենք մեզի թէ ի՞նչ կրնայ նշանակել «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ը արեւմտահայ սփիւռքահայուն համար։
Արեւմտահայ սփիւռք եզրը կը շեշտեմ, պարզապէս առանձնացնելու համար անհող արեւմտահայերէն լեզուն պետականացած արեւելահայերէն լեզուէն։ Արեւմտահայերէնի ուսերուն բարդուած է հայկական ինքնութեան եւ սփիւռքի գոյատեւման ծանր հրամայականը։ Չունենալով պետութիւն, արեւմտահայերէնի ճակատագիրը յանձնուած է լեզուագէտներու տեսութիւններուն, վիճաբանութիւններուն, ինչպէս նաեւ զանազան գաղութներուն տարբեր մշակոյթներուն։ Բնականաբար իւրաքանչիւր գաղութ երբ օգտագործէ արեւմտահայերէնը, անոր մէջ կը ներմուծէ իր տեղանքին մշակոյթը, հետեւաբար փոփոխութեան մատնելով արեւմտահայերէն լեզուին գործածութիւնը։ Հոս կարգ մը լեզուագէտներու տեսութիւններով կը ստեղծուին ճիշդի եւ սխալի հարցեր, իսկ կարգ մը ընկերային լեզուագէտներու տեսութիւններով կը ծնին լեզուին շարժաբանութիւնը բացատրող երեւոյթներ։ Յամենայնդէպս, «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ուան զուգահեռ կ՚արժէ մտածել արեւմտահայերէնի խօսակցական լեզուին՝ գրական արեւմտահայերէնի եւ հետեւաբար տպագիր գիրքի ներազդեցութեան մասին։
ԱՐԱԶ Գ.
«Հայ գիրքի տպագրութեան անցեալն ու ներկան ուսանելի պատմութիւն մըն է, ուր միահիւսուած է նուիրումը մայրենիին հանդէպ, սէրը դէպի հայրենիքը եւ հաւատքը, ձգտումը դէպի լուսաւորութիւն եւ համամարդկային արժէքներու տարածում, յարգանքը կրթութեան եւ այլ ազգերու մշակոյթներու նկատմամբ», կը հաստատէր Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան «Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012 հատորին լոյս ընծայման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Հայկազեան Համալսարանի այս յարկին տակ։ Continue reading ՊԷՅՐՈՒԹԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԵՏՔ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԿԵԴՐՈՆԸ →