Category Archives: ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ

Բանաստեղծութիւններ՝ չափածոյ կամ արձակ

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ

ԳՐԻՉԸ


Դպրոցական
տարիներուս
գրիչը շատ կը սիրէի.
մելանի բոյրը կը մղէր զիս
Հոտուըտալու զայն յաճախ.
գրիչը
այն ժամանակ
չափահաս ուսանողներու կալուածին պատկանող
սեփականութիւն կը համարէի։
Հիմա,
ամեն անգամ
գրենական պիտոյքներու խանութ մը երբ այցելեմ,
ես ինծի կ՚ըսեմ,
թէ գրիչն ու կաղամարը
ինչպէս մեր դպրոցի մեծահասակները
անրջաբոյր պատկերի մը խորքերուն մէջ մնացին։
Հիմա,
երբ կը գրեմ
բառերը կը հոտոտեմ։

Continue reading ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Քու ժպիտիդ մէջ անցեալ, աչքերուդ մէջ երգ մը հին՝
Կրկին գտաւ իր հոգին,
Եւ քարացած հայեացքով սուզուեցաւ խորքն անցեալին՝
Փրկելու խենթ իր հոգին,
Ջերմ բարեւով համբուրեց կաթիլ մ’արցունք իր աչքին.
Վերադարձաւ իր հոգին,
Անվերադարձ այս կեանքի, թեքուելով դէպ անհունին՝
Խեղդեց ժպիտն իր հոգին:

Continue reading ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մարմնացում եւ այլ բանաստեղծութիւններ

ՍԵՒԱՆ ՀԱՆՆԷՇԵԱՆ—ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ

ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄ

Աշուն է։

Հասած եմ բնութեան մէջ,

ուր կանաչին մէջէն երանգներ կը ծլին

ու կեանքը գոյներո՜վ կը ցոլայ։

Հասած եմ խորհուրդին մէջ

ու կը փնտռեմ հին աշխարհը,

մանո՜ւկ հայեացքին

գաղտնիքները,

որոնք ապագայ առեղծուածին

ճանապարհը հիւսած էին

ու մտածումները,

որոնք կը թեւածէին

կեանքին բոլոր անկիւնները։ Continue reading Մարմնացում եւ այլ բանաստեղծութիւններ