Tag Archives: Վեհանոյշ Թեքեան

Բանաստեղծին, որ փառաւորեց հայ գրականութիւնը եւ Աստուած փառաւորուեցաւ իրմով

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԷՔԵԱՆ

Սիրելի, շա՜տ սիրելի Ժագ Յակոբեան,
Ձեր անցած գրեթէ հարիւր տարիներու ընթացքին դուք հարիւր անգամ ապրեցաք տարուան չորս եղանակները. հետեւաբար կը հաւատանք եթէ ըսէք մեզի թէ, տարին միայն չորս եղանակ չունի, այլ՝ քառասուն, եւ այդ քառասունին երեսունինըն հայո՛ւն համար կը ստեղծուի։ Continue reading Բանաստեղծին, որ փառաւորեց հայ գրականութիւնը եւ Աստուած փառաւորուեցաւ իրմով

ԼԵԶՈՒԻ ՁԵՌՆԱՓԱՅՏԸ ԲՌՆԱԾ

ԿԱՐԴԱԼՈՎ ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆԻ «ԱՂՕԹՔՆԵՐ»Ը

ՂՈՒԿԱՍ ՍԻՐՈՒՆԵԱՆ

Ես գրում եմ Վեհանոյշ Թեքեանի մասին նրա համար, որպէսզի հիացմունքս յայտնեմ հայերէն կարդացողների առաջ եւ ասեմ, որ այս ազնուազարմ տիկնոջ տողերը սովորականութեան դաշտից չեն քաղուած, դրանք լոյսի, մթան, անձրեւի եւ ճակատագրի նման տեղում են բանաստեղծութեան վերեւից: Վեհանոյշը զարմացնում է արդեն 40 տարուց աւելի: Զարմանքը բանաստեղծութեան երկուորեակն է, առանց նրա ուղեկցութեան չկայ պոեզիա: Նա զարմացնում էր իր երիտասարդական տարիներին` համարձակ կեցուածքով, դէպի նորն ու անսովորը հակուելու Continue reading ԼԵԶՈՒԻ ՁԵՌՆԱՓԱՅՏԸ ԲՌՆԱԾ

ՊԱՐՈՅՐԸ ԵՒ ՊԱՂՈՅՂԸ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Չի հալածեր, չի պահանջեր, չ՚ստիպեր. կը տխրեցնէ՛։ Իր մասին տխրիլը սակայն անյարիր է որովհետեւ կը ղրկէ անհատնում ճառագայթներ ծիծաղի եւ հանդարտ կապոյտ աչքերէն ցայտող նշանակալից ժպիտով, ժպիտներով, կը ցոլացնէ իրականութեան իսկական պատկերը։

Ամառը Պէյրութի մէջ հազիւ թեւակոխած՝ մօտակայ արաբական երկիրներէն, քիչ մըն ալ Եւրոպայէն, հայ գրականութեան մշակներ, հնձողներ ու համտեսողներ ոտք կը դնէին «Սիմոնեանին տպարանը»։ Պաշտօնապէս կը կոչուէր Սեւան Continue reading ՊԱՐՈՅՐԸ ԵՒ ՊԱՂՈՅՂԸ