ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ծաղկաձորէն եւ Աղվերանէն ետք, այս անգամ հայրենի մեր բարեկամները մեզի,— այսինքն՝ ինծի եւ կնոջս, — թելադրեցին «օդափոխութեան համար» նոր վայր մը՝ Ստեփանաւան երթալ: Թէեւ գիտէի, որ Հայաստան համայնավար հերոս Ստեփան Շահումեանի անունը յաւերժացնող բազմաթիւ յուշարձաններ կային, սակայն իր անուան հետ կապուած օդափոխութեան վայրի մը գոյութեան մասին անկեղծօրէն անտեղեակ էի:
Ստեփանաւանը Լոռիի շրջանէն ներս գեղեցիկ ու մեծ գիւղ մըն է,— աւան մը, ինչպէս անունը կը թելադրէ,— որուն շրջակայ բլուրներուն վրայ հանդարտօրէն հանգչած էին այսպէս կոչուած «հանգստեան» տուներ: Եթէ գիւղէն դէպի պանդոկներ տանող ճամբուն խեղճութիւնն ու զանազան հոտերը նկատի չառնէի, իր տեսքէն դատելով ան փոքր Զուիցերիա մըն էր ինծի համար: Continue reading Ո՞ՒՐ ԵՐԳԵԼ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԱՂՕԹԵԼ