ՍԷՐԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքէն

Չորեքշաբթի՝ 5 ապրիլին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս (Թորոնթոյի Հայ կեդրոն) տիրող թեման սէրն էր։ Յատուկ աշխատանք տարուած էր Հաւաքին ընդմէջէն ներկայացնելու սէրը՝ իրարմէ բոլորովին տարբեր գրողներու դիտանկիւնէն։
Թէ ինչպէ՞ս սէրը կը յայտնուի մեր գրականութեան էջերուն մէջ, կախում ունի գրողէն, իր ներաշխարհէն, մտածումներէն, միջավայրէն, փորձառութենէն, գրելու ոճէն…։

Սիրոյ երգիչը համարուած Վահան Թէքէեանի համար՝ «լաւագոյն սէրը այն սէրն է որ լռութեան մէջ կ՚անցնի». ինչպէս իր տողերը կը վկայեն՝ «Ես սիրեցի, սակայն սիրածներէս ոչ ոք գիտցաւ թէ՝ զինքը որքա՜ն սիրեցի. Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ»։ Ըստ Պարոյր Սեւակի՝ «Միշտ էլ սիրածին պատահաբար են պատահում կեանքում, ու հրաժեշտ են տալիս սիրածին անհրաժեշտաբար»։
Սեւակի ու Չարենցի համար սիրոյ խոստովանութիւնը եղած է անկաշկանդ ու շռայլ, ըլլայ այդ հանդիպման թէ հեռացումի խօսքերուն մէջ։ Վազգէն Շուշանեանի գրիչին տակ սէրը բոցավառ է ու կրքոտ մինչ Սիլվա Կապուտիկեան կը գրէ՝ «Ինձ շատ բան տուեց բախտը աշխարհում, Միայն չտուեց երջանիկ մի սէր»։ Կապուտիկեանմերթ ամուր է ու վճռական՝ «Ոչ չես կարող ինձ չես կարող մոռանալ» մերթ թոյլատու ու յանձնուող՝ «Թէկուզ ուրիշ գրկից, միայն արի արի» ու վերջ ի վերջոյ՝ «Սիրոյ անհուն առեղծուածը Չեմ կարենում հասկանալ, Սէրը՝ կորո՞ւստ, թէ՞ մի գանձ է, Չեմ կարենում հասկանալ…»:
Արժանթինահայ Ալիսիա Կիրակոսեանի գրականութեան մէջ, այնպէս կ՚երեւի թէ սէրը եղած է աւելի յիշողութիւն քան՝ ներկայութիւն.—
«Ինձանից այնքան ես բացակայ եղել,
Որ, ներիր, արդէն պէտք չէ քո սէրը…
Ու ես քեզ այնքան, անքան եմ յիշել,
Որ մոռացել եմ ներկայութիւնդ։»
«Տեսնողին մէջլում կու շինիս, լէյլու թիթառի նման իս» կ՚երգէ Սայաթ Նովա, նկարագրելով իր սէրը որուն համար «թամամ աշխարհ պտուտ» եկած էր մեծ աշուղը… ։ Մեծարենցի տողերուն մէջ որքա՜ն կախարդական է այդ «Վայրկեան»ը երբ բնութիւն, բնազդ ու «երազներու պերճուհին» իրարու կը բախին։
Իսկ ի՞նչ է սէրը մեր գերզգայուն Պետրոս Դուրեանի նրբահիւս տողերուն մէջ. ի՞նչ է սէրը մեր մեծագոյն քնարերգակ բանաստեղծներէն Վահան Տէրեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ… ինչպէ՞ս կը տարբերի սէրը Թումանեանի հեքիաթային աշխարհին մէջ, ու եւս առաւել՝ սէրը Դանիէլ Վարուժանի ինքնատիպ քերթողութեան մէջ…։
Գրասէրներու Խմբակի անդամներէն՝ Նայիլի Թիլիմեան, հակիրճ ներածականէ մը ետք, վաղամեռիկ քնարերգակ բանաստեղծ, «Սկիւտարի Սոխակ» Պետրոս Դուրեանի «Լճակ»ը ու յետոյ՝ «Դրժել»ը կ՚արտասանէ։ Յուսահատ բանաստեղծին զգայուն քերթողութեան մէջ, սէրը կը յայտնուի իբր տենչանք, ձգտում, երազանք. բանաստեղծ՝որուն գրական արժէքին մասին հաւանաբար լաւագոյնս արտայայտուած է Պարոյր Սեւակ ըսելով՝ «Նա է մեր նոր քնարերգութեան առաջին մեծը և միշտ էլ կը մնայ վերջինի կողքին, որովհետև նա չի հնանում, ինչպէս չեն հնանում ժպիտն ու հառաչը, ծիծաղն ու հեծկլտոցը»։
Կը յաջորդէ Արեն Մնացականեան՝ Վահան Տէրեանի մասին.- Ախալքալաքի Գանձա գիւղի ծնունդ Տէրեան, ապրեցաւ առաւելաբար հայրենիքէն հեռու։ Տէրեան, գրականութեան երկնակամարին վրայ իր կնիքը դրաւ իր սիրոյ ու կարօտի երգերով. իր քնարերգութիւնները կը հնչեն որպէս մեղեդի։ Արեն ապրումով կ՚արտասանէ «Ապրելուց քաղցր է մեռնել քեզ համար…», «Խաղաղ գիշերով դու կը գաս ինձ մօտ…» եւ «Արդեօք ո՞ւր ես դու…»։ Կարօտ ու տագնապ կայ Տէրեանի տողերուն մէջ.—
«Ստուերդ փնտռել ամեն տեղ, ուր խենթ
Հոգին կարող է թռիչքով չափել.
Անանց կարօտում անվերջ տառապել
Եւ լինել քեզնից բաժանուած յաւէտ…»

Ո՞վ ծանօթ չէ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի «Ախթամար»ին. Լոռիի Դսեղ գիւղի ծնունդ Յովհաննէս Թումանեանի հիւսած հեքիաթը կեանքի կը կոչուի Լանա Տէր Պետրոսեանի յատուկ մեկնաբանութեամբ, պահ մը փոխադրելով մեզ Վանայ Ծովի ափերը։ Քիչ անց, Վանը ձգած մենք կը սուզուինք մեր գրականութեան հսկաներէն՝ Դանիէլ Վարուժանի ինքնատիպ, գեղապաշտ քերթողութեան մէջ, «Սիրերգ» բանաստեղծութեանմիջոցով, Լանայի մեկնաբանութեամբ։ Վարուժանիր չորս հատորներով, որոնց վերջին՝ Հացին Երգը հրատարակուեցաւ իր մահուընէ վերջ եւ կը համարուի իր գլուխ գործոցը, Եղեռնի մեծագոյն զոհերէն կը համարուի, յաճախ մտածել տալով մեզ, թէ երեսնամեայ բանաստեղծին կեանքը եթէ խլուած չըլլար իրմէ 1915-ին, արդեօք տակաւին ինչե՜ր պիտի տար մեզի, աշխարհին։
Եղեռնի տառապալի հետեւանքներէն է սիրող սիրտերու բաժանումը..։ Անհամար գրութիւններ կան այս մասին. պատմուածքներ, յուշագրութիւններ… յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւեն նամակները. օրինակ մըն է Եղեռնի հարիւրամեակին Հորիզոնի մէջ հրատարակուած Օրտուցի Խաչիկ Գավանոսեան անունով կալանաւորի մը Յուլիս 1915 թուակիր նամակը, ուղղուած իր կնոջ՝ Օնորիի։ «… Յիշէ զիս, խղճա իմ վրայ, խղճա որովհետեւ անբախտ ծնայ, որբ ապրեցայ եւ թշուառ պիտի մեռնիմ, խղճա՛, որովհետեւ հազիւ ոտնակոխած կեանքի բուրաստանին մէջ, հազիւ ձեռքերս կարկառած ծաղիկներ քաղելու եւ վայելելու անոնց բուրումները. մեծ զուլումը եկաւ խորտակել ամբողջ երջանիկ երազներս եւ անապատ դարձուց այդ բուրաստանը։»
Նամակագրութիւնը՝ ստեղծագործ գրիչներու տակ, ինչպիսին են Իսահակեան, Համաստեղ ու Պարոյր Սեւակ, գրական արժէք կը ներկայացնէ եւ այդ արժէքներէն են Պարոյր Սեւակի ու իր մեծ սիրոյն՝ Սուլամիթայի միջեւ տարիներու ընթացքին փոխանակուած հարիւրաւոր նամակները, որոնք շարունակուեցան նոյնիսկ Պարոյր Սեւակի ամուսնութեան շրջանին։ Արմինէ Թորիկեան կ՚ընթերցէ նախ՝ Պարոյր Սեւակի նամակներէն մին՝ ուղղուած Սուլամիթայի, ապա Սուլամիթայի նամակներէն մէկը, ուղղուած՝ Սեւակի։ Արմինէ ներկաները կը հրաւիրէ որ ուշադրութեամբ ունկնդրեն վերջինը մանաւանդ, որմէ ետք կ՚ընթերցէ Սեւակի «Նամակ»ը, ուր անմիջապէս ի յայտ կու գան Սուլամիթայի նամակին ու Սեւակի «Նամակ»ին միջեւ տողերու, միտքերու նմանութիւններ… ու զարմանալի չէ երբ Սեւակ կը գրէ՝ «Ինքն է գրում ինձ թէ ես եմ գրում իմ հարազատին, ինքս էլ չգիտեմ»։
Իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Համաստեղ մեր գրականութեան մէջ. իբր գիւղագիր, իր պատկերազարդ սեղմ նախադասութիւններովկը կենդանացնէ գիւղը, լեզու կու տայ գիւղի կերպարներուն, կեանք կու տայ ծառին ու քարին, հոսք կու տայ առուակին ու վերջապէս մեզ կը փոխադրէ արեւմտեան Հայաստան, իր ծննդավայր Փէրչէնճ գիւղը, որ յաճախ միջավայրը դարձած է իր պատմուածքներուն ու վէպերուն։ Գրասէրներու Խմբակին վերջերս միացած՝ Արտա Տէր Յակոբեան կ՚անդրադառնայ Համաստեղի գրական արժէքին, շեշտելով գրողին յատկութիւնը՝ կարճ նախադասութիւններու ընդմէջէն ընթերցողին փոխանցել ամբողջական պատկեր մը։ Արտա սահուն առոգանութեամբ մերթ կը պատմէ ու մերթ կ՚ընթերցէ Համաստեղի «Առաջին Սէրը» վէպէն պարբերութիւններ, ուր գլխաւոր հերոսներն է Վահրամ ու իր կեանքին սէրը՝ Մարանը. հոս եւս անխուսափելի է Եղեռնին ազդեցութիւնը սիրող սրտերուն վրայ։ Աւելցնենք, որ նկարագրութիւններուն հարազատութիւնը, գիւղի բարբառն ու կենդանութիւնը այնքան շեշտուած են Համաստեղի տողերուն մէջ, որ պահ մը կը մոռնանք թէ Համաստեղ իր կեանքին մեծ մասը՝ 1913-1966 ապրած ու ստեղծագործած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։
Գիւղը նաեւ մեծ ազդեցութիւն ունեցած հայրենի քնարերգակ բանաստեղծ՝ Համօ Սահեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Սահեանի մասին կարելի է անվերջ խօսիլ. իր նուրբ, սրտագրաւ գրիչով բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ գրած է սիրոյ մասին, կեանքի մասին, հայրենիքի մասին….։ Սիրոյ մասին գրուած քերթուածներէն է «Առաջին Սէր»ը. ի տարբերութիւն Համաստեղի՝ Սահեան ներկայ է իւրաքանչիւր տողի մէջ.—
«…Ես չգիտէի, թէ ինչ է սէրը,
Բայց ոչ մի անգամ չէի քարկոծում,
Երբ վազում էին ձեր գիժ հորթերը
Մեր կանաչ-կանաչ բանջարանոցում…

Ես չգիտէի, թէ ինչ է սէրը,
Բայց երբ քո տատը մեր տուն էր գալիս,
Շփոթւում էին սրտիս զարկերը,
Եւ պոկւում էի օջախի սալից…»

Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներու շարքը, ահաւասիկ վեց տարիէ ու քառասունէ աւելի հաւաքներէ ետք, կը շարունակէ իր երթը կեանքի կոչելով մեր գրական արժէքները ու միաժամանակ զարգացնելով Խմբակի երիտասարդներուն հետաքրքրութիւնն ու գրական գիտելիքներու պաշարը։

Թ. Տ. Գ.

Թորոնթօ

Leave a Reply