ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ ԽՕՍՔԱՐՈՒԵՍՏԸ

ԿԱՐԻՆԷ ՌՈԲԵՐՏԻ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Սփիւռքահայ գրականութիւնը հայի՝ փորձութիւններով լի ճակատագրի արգասիքն է, սակայն այն դուրս է գալիս հայ գրական շրջանակներից եւ հարստացնում համաշխարհային գանձարանը, երբ խորիմաստ ասելիք է ունենում եւ տաղանդաշատ գրիչ է հեղինակում այն, քանզի Սփիւռքը, ցաւօք, համամարդկային իրողութիւն է։ Այս պարագայում հային կրկին տրուել է իմաստնանալու, պատմութիւնից դասեր քաղելու, ուծացման վերահաս արհաւիրքին դիմակայելու, ազգային դէմքը, տեսակը պահպանելու, անսահման ցաւից արուեստ կերտելու եզակի հնարաւորութիւն։ Մեզ մնում է ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն յայտնել այն նուիրեալներին, ովքեր անխոնջ, հետեւողական աշխատանքով լայն ընթերցողին են հասցնում սփիւռքահայ գրականութեան լաւագոյն մնայուն էջերը։

Սփիւռքի հայ գրականութեան ճանաչուած դէմքերից Համաստեղի՝ Համբարձում Կէլէնեանի (1895-1966) գրական ժառանգութիւններից են «Հարօն ու Կարօն» եւ «Յաւիտենական ճամբորդը» պատմուածքները։ Հեղինակի դաժան կենսագրութիւնը դարձել է գրականութիւն։ Ցաւից ծնուած գրականութիւնն էլ թերեւս ներգործութեան հզօր ուժ ունի, բայց եթէ այն խօսքարուեստի լաւագոյն նմուշ չէ, առաւել եւս դատապարտուած է մոռացութեան։

Բազմաժանր հեղինակ է Համաստեղը՝ սփիւռքահայ գրականութեան երախտաւորներից մէկը, իսկ նրա գրականութեան թեման նոր չէ, նորութիւնն ասելու ձեւն է՝ «ինքնատիպ քնարականութիւնը, կարօտով թաթախուած բառը, թրթռուն պատկերը, անվերջ շարժումը», — գրում է բ.գ.դ., (բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր) համաստեղագէտ Մ.Մ. Խաչատրեանը։

Համաստեղը սեղմ ծաւալի մեջ ասելիքը բանաձեւող վարպետ է, չեխովեան, բակունցեան «փոքր» մարդու անյատակ ներաշխարհը քննող, մարդուն ափի մէջ տեսնող վառ անհատականութիւն։

Անդրադարձել ենք «Հարօն ու Կարօն» եւ «Յաւիտենական ճամբորդը» պատմուածքների լեզուաշխարհին՝ փորձելով ներկայացնել համաստեղեան խօսքարուեստի արժանիքները, որոնք ուրույն նկարագիր ունեն։

Գրաւոր խօսքի դրսեւորման ձեւերից այս պարագայում Համաստեղն ընտրել է իրեն շատ հարազատ մենախօսութիւն եւ երկխօսութիւն, արտաքին եւ ներքին համառօտ խօսք վրձնելու անկրկնելի արուեստը։ Պատկերը յաւերժացնելու մեծագոյն վարպետ է հեղինակը։ «Հարօն ու Կարօն» պատմուածքում պարզ սիւժետային գիծ է ընտրել. հարուստի ու աղքատի յաւիտենական պայքար, ինչը, սակայն, ոչ թէ չարութիւն է ծնում, այլ բարութեան անթաքոյց քօղով է պատուած։ Հերոսները՝ Կարոն եւ Յարոն, Ս. Բարթուղիմէոսի վանքի օրը իրենց ունեցած կովն ու աքաղաղներն էին տանում տօնավաճառ։ «Կարօն գիրուկ էր։ Հագուստ, կապուստը, շալ ու շալվարը առանձին փարթամութիւն մը կու տային։ Ծաղկաւեր դէմքը բողկի մը չափ առողջ էր ու կլոր. ունէր լեցուն պեխ, թաւ յօնքեր եւ հորթի աչքեր»։ «Հարօն գեղին խեղկատակն էր՝ հաճելի բոլորին համար, եւ միշտ ալ հետը կ՚իյնային։ Ինքը չէր վիրաւորուեր անոնց երբեմն անհամ կատակներէն, եւ ո՛չ անոնք կը վիրաւորուէին Հարօյի լեզուի սուր խայթոցներէն։ Բարակ (ընդգծումները մերն են՝ Կ. Միքայելեան) շրթներուն վրայ ունէր միշտ ալ զաւեշտի բարակ ժպիտ մը։ Օր մ՚օրանց անոր մականունը տուած չէին, ինք ալ պէտք ունեցած չէր իր մականունին։ Հարօ էր, եւ այդ անունը այնքան յարմար էր, որքան անոր բարակ սրունքները եւ նոյնքան բարակ քիթը եւ անոր քառսուն կարկտանով շալվարը եւ մանր պճլտուն աչքերը։ Աչքեր որ կ՚ըսեմ, մէկը միշտ գոց էր, թէեւ պատճառ մը չկար գոց ըլլալու։ Հարօյին համար մէկ աչքն ալ կը բաւէր գիւղին եւ մարդոց վրայ նայելու։ Եթէ երկու աչքով նայէր, գուցէ դժբախտ զգար։ Հարօն դժբախտ չէր»:

Այս դէպքում կրկնաբերութեան արտայայտչամիջոցը կիրառուել է շեշտողական, յուզական նշանակութեամբ։ Ակնյայտ է դիմանկար կերտելու անկրկնելի վարպետութիւնը, սեղմ, դիպուկ խօսքի անմրցելի նկարագիրը։

Կենդանի, բնական, առանց աւելորդաբանութեան երկխօսութիւնների մեծ վարպետ է Համաստեղը.

Հարօ, ե՞րբ պիտ բանաս էտ մէկ աչքդ։

Էն ատեն, երբ աշխարհի գործը կարգին ըլլայ։

Փոքր Մհերի պատասխանը յիշեցնող բանաձեւում է անշուշտ։

Յարոյի համար Կարոյի կովը առատութեան խորհրդանիշն է, անհաս երազ, քանի որ «Հարօն իր ուսին ձգած էր ոտքերը կապած երեք աքաղաղ՝ Ս. Բարթողիմէոսի պազարին տանելու։ Տան մէջ պակաս էր թէ՛ աղ, թէ՛ օճառ եւ թէ՛ լուցկի։

Է՛հ, ինչ ընենք, աղա՛ Կարօ, ես ալ քեզի պէս ունեւոր որ ըլլայի… էդ պազարին կով մը կը տանէի։

Կարօն ուզեց փոխել զրոյցը։ Նկատեց, որ Հարօն կրնար խայթել զինք իր նետի պէս բարակ ժպտելով։

Հարօ՛, հիմա քանի՞ զաւակ ունիս։

Հինգ զաւակ, աղա՛ Կարօ. մէկն ալ ճամբան բռներ կու գայ։

Նորէ՞ն, — հարցուց Կարօն էնպէս զարմանքով, որ Հարօյին պէս աղքատ մարդիկ էդքան զաւակ չպէտք է ունենան։ Ըսել է՝ Վարդերին գոգնոցը նորէ՞ն վեր բարձրացեր է։

Կարօյի այդ խօսքերուն մէջ թագուն բան մը կար։ Հակառակ որ Հարօն աղքատ էր եւ սակայն ունէր լայն կողերով, պսպղուն մարմնով կին մը։

Է ի՛նչ ընենք, աղա՛ Կարօ, չունեւորի հալ է։ Ճրագ չվառենք-ձէթը խնայենք ըսելով՝ Վարդերին հետ կանուխ անկողին կ՚երթանք»։

Հարուստի ու աղքատի համաստեղեան փիլիսոփայութիւնը կարծես թէ ունի իր ճշմարիտ պատասխանը։

Հարոն աշխարհի դրուածքի շուրջ բարձրաձայն խորհելու համարձակութիւն էլ ունի. «ըսել է՝ բան մը կայ սխալ։ Էդ սխալը իմ մէջ է, թէ էնոր՝ ես ալ չգիտեմ… Ալ հասկցիր աշխարհի բանը»։ Սարոյեանական «աշխարհում ինչ-որ բան ինչ-որ տեղ սխալ է»-ի համաստեղեան ոչ պակաս հանճարեղ բանաձեւումն է։

Անկեղծ փիլիսոփայում է թշուառութեան դատապարտուած անխոնջ գիւղացին։ «Այնքան անկեղծ տկարութիւն մը կար անոր ձայնին մէջ, երբ ըսաւ. «Եթէ էդ կովն իմս ըլլար…» Մեծարենցեան անանձնական «ըլլայի՜-ըլլայի՜» համաստեղեան նեղ անձնական «ըլլար» տարբերակն է, որն իր մէջ հայ գիւղացու անկատար երազանքն է ամփոփում, որին հասնելու համար երբեմն, ցաւօք, պատրաստ է ամենածայրայեղին։

«— Հարօ՛, կը տեսնես էդ մեծ կոռոփը, — խօսեցաւ Կարօն՝ մատով ցոյց տալով լայն ու կլոր կոռոփ մը, որ երէկ ուշ ատեն՝ գուցէ վերջալոյսին, կուշտ փորով գոմէշ մը թրքած էր, եւ տակաւին անոր շուրջ մրջիւններ եւ բզէզներ հաւաքուած չէին»։

Կարոյի լկտի համարձակութիւնը սահմանն անցնում է.

«—Հարօ՛, որ էդ բոլորը ուտես, էս կովը քեզի հալալ։

Հարօն զարմացած դիտեց աղա Կարօյին դէմքը….

Ըսել կ՚ուզես… Հարօյի ձայնին մէջ այնքան օտար բան մը կար, որ արդէն զգաց։ Եղածը կատակի սահմաններէն դուրս պիտի գար։ Ինչքա՜ն պէտք ունէր կովի մը։ Հարօն հեղ մը նայեցաւ կոռոփին եւ պահ մը երեւակայեց, որ կովը իրն էր, եւ կապը բռնած՝ իր տունէն ներս պիտի մտնէր։ Տան մէջ աման թէնճիրէ կաթով պիտի լեցուէին մածուն, չէքելիք պանիր, կարագ, իսկ փոքրիկները ջուրի տեղ թան պիտի խմէին»։

Անզօրութիւնը եւ վերջապէս անհաս երազն իրականութիւն դարձնելու փափագը մղեց Հարոյին ընդունելու անմարդկային առաջարկը։ «Կարօյին մէջ վախ մը սողոսկեցաւ յանկարծ, ճիշտ մողէսի մը պէս։ (Այս անգամ արդէն Համաստեղը դիմել է համեմատութեամբ խօսքը համեմելու հնարքին)։ Գեղին խեղկատակը՝ Հարօն, այդքան վճռական եւ ուժեղ կամքով տեսած չէր, եւ արդէն սկսած էր գործի… Կարօն իր խոշոր աչքերը բաց դիտեց։ Եթէ լմնցնէր էդ բոլորը… տեսաւ՝ Հարօյին դէմքին գոյնը հետզհետէ կը փոխուէր, թթուն դրուած երկար վարունգի գոյն առաւ՝ դեռ կէսին չհասած։ Կարօն կաւէ շինուած արձանի մը գոհ երեւոյթ առաւ, երբ Հարօն «վայ փորս» ըսաւ ու երկու ձեռքերով փորը բռնած՝ գետին պառկեցաւ։ «Կըրթ, կըրթ» կ՚ըսես դուրս պիտի գար։

Էքուկենց Կարօն շահած էր գրաւը»։

Սակայն Հարոն պատրաստ չէր յանձնուելու. չէ՞որ լափել էր կէսը, ուստի կէս կովն էր պահանջում։ Ու հնչում է անյողդողդ.

«—Կարօ՛, Կարօ՛, դուն իմ լէշին վրայէն կ՚անցընես էս կովը։ Կարօն ի զուր փորձեց կովին կապը ազատել Հարօյի մագիլներէն։ Կարօն աւելի վախցաւ, երբ տեսաւ՝ Հարօյի փակ աչքը բացուած էր յանկարծ։ Այնքան ուժեղ էր զայրոյթը»։

Վէճի դատաւորը պարսիկ խոջան էր։ Կրկին Համաստեղը առանց աւելորդութիւնների երկխօսութեանն է դիմում.

«— Ես կերած եմ կէսը…

Բայց ամբողջը կերած չէ։

Եւ արդէն խոճային խօսք չէին ձգեր վիճելով, երբ խոճան խօսեցաւ 40 օր լռած անապատականի մը պէս….

Ամօթ է, հէմշէրիներ։ Ալլահի դատաստանը կայ։ Եթէ ամբողջը կով մը կ՚արժէ, կէսը հէլպէթ կէս կով է, — խօսեցաւ խոճան, եւ արդէն Հարօն այնքան գոհ մնաց, որ աջ աչքին կոպը նորէն վար իջաւ»։ (Չէ՞ որ արդար դատավճիռը հնչելու էր վերջապէս)։

«— Կովն ինչպէ՜ս կիսենք, խոճա՛ էֆէնտի։

Կովը կիսելու պէտք չկայ, հէմշէրի՛, թէ որ կ՚ուզես թեմամցնել քու կովը, դուն ալ էն միւս կէսը կեր….

Խոճա էֆէնտին հսկեց, որ կատարուէր Ալլահին օրէնքը. եւ արդէն սկսաւ կրթկրթալ Կարօն. փորին մէջ կ՚ըսես երկրաշարժ էր մտեր, ու «վայ փորս» ըսաւ ու գետին պառկեցաւ…. անգութ էր Ալլահի դատաստանը, որ խոճային յուլունքի նման աչքերուն մէջ կարծրացած էր։ Խոճան գոհ դէմքով, նոյնքան գոհ մօրուսով ճամբայ ինկաւ։ Բարի գործ մը կատարուած էր այդ օր։ Կատարուած արդարութենէն գոհ էր նաեւ Հարօն….»։

Պատմուածքն աւարտւում է իմաստուն եւ հանճարեղ երկխօսութեամբ.

«— Հարօ՛։

Ի՞նչ կայ, Կարօ՛։

Էս առաւօտ մենք հանդիպեցանք էս ճամբուն վրայ։ Դուն ուսիդ ձգած էդ հաւերն ունէիր, իսկ ես՝ իմ կովը— շատ բարի։

Շատ բարի, Կարօ՛,— կրկնեց Հարօն։

Բայց, աղբե՛րս, մենք ինչո՞ւ կերանք էդ թրիքը»։

Պատասխան չկայ։ Կա՞յ արդեօք այսօր այս հարցի պատասխանը, թեեւ շարունակում ենք ուտել եւ անամօթաբար առաջարկել այն մեր իսկ տեսակին։ Գուցէ հակագեղագիտական է, բայց փորձենք չմոռանալ, որ գիւղացու համար այն նախ այլ արժէք ունի, բացի այդ չափազանցութեան՝ գրոտեսկի միջոցով հեղինակը փորձել է առաւել տպավորիչ դարձնել իրողութիւնը։ Բացի այդ, կարծում ենք, թրիքը խորհրդանշան (սիմվոլ) է, դիպուկ ոճական հնարանք, որով ոչ միայն բառ, այլեւ պատկեր է ստեղծել Համաստեղը։

Թրիք ուտելու պատկերը Համաստեղը շարունակում է նաեւ «Յաւիտենական ճամբորդը» պատմուածքում։ Հեղինակը Դանթէի հանճարը տկար է համարում հայկական գաղթի անապատների դժոխային ճանապարհը նկարագրելու համար, ուր կենդանի մնացողը կորցնում էր նուիրական ամեն ինչ եւ երանի տալիս մեռածներին, քանզի ապրելն առաւել անտանելի էր։ «Ուղտափուշի մօտ տեսայ 7 տարեկան մանուկ մը, որ կենդանիներուն ձգած թրիքին մէջէն ցորենահատերը կը զատէր բերանը տանելու համար։ Երբ մօտեցայ, փախաւ յանկարծ վայրի կենդանիի ձագի մը պէս. ատեն ատեն սարսափելի վախով մը ետեւ կը նայէր, թէ արդեօ՞ք կը հալածուի։ Պոռացի հայերէն. այն ատեն ինձ հաւատաց, երբ հացի կտոր մը ցոյց տուի, եւ այդ հացով բարեկամ դարձանք։ Ան կորսնցուցած էր իր խօսելու կարողութիւնը», — յիշում է յաւիտենական հայ ճամբորդը Երուսաղէմի ճանապարհին: Այս անգամ Համաստեղը շօշափում է կորցրած յաւերժական սիրոյ, անդառնալի կորուստների, անմարդկային ցաւի ու տառապանքի թեմաները։

Ճակատագիրը Համաստեղին կտրեց հայրենիքից, բայց ոչ հայի տեսակից, որին նա հաւատարիմ մնաց մինչ ի մահ՝ մէկ անգամ եւս փաստելով, որ մարդն աշխարհին հետաքրքիր է իր ստեղծագործ անհատականութեամբ, ազգային նկարագրով, համամարդկային ասելիքի իր կենսափորձով։

Աշխարհի խառնարանում՝ Ամերիկայում է ճարահատուած ստեղծագործում ու կերտում ապրելու իր իրաւունքը մազապուրծ հայի ոչ այնքան փոքր մի հատուած, որ դատապարտուած է լինելու մարդկութեան խիղճն ու պատիւը։ Արժանապատիւ ապրելով՝ դասեր է տալիս իր տեսակի միւս հատուածին։ Որտեղ կայ ոճիր, այնտեղ կայ պատիժ, եթէ մարդ կոչուածը դա ընդունակ չէ հասկանալու, բնութիւնն իր գործը կ՚անի (Ես դրանում համոզուած եմ)։ Աստուածաշնչեան եւ ժողովրդական իմաստնութիւնը փաստում է՝ «ակն ընդ ական՝ ատամն ընդ ատաման», ( Ի դէպ, Ա. Մ. Սուքիասեանի եւ Ս. Ա. Գալստեանի «Հայոց լեզուի դարձուածաբանական բառարանում» դարձուածքը մեկնուած է — Վրեժխնդիր լինել…. Աւելի վատ է վրիժառութեան օրէնքը։ Մովսէսը հրամայում է. «Ակն ընդ ական՝ ատամն ընդ ատաման»։ Աստուած վկայ, դայ չափազանց դաժան է (Թարգ.)։ Մեզ դեռեւս պէտք է հետեւել այն օրէնքին, որ ասում են՝ «ակն ընդ ական» (Ր))։ Այն է՝ ամեն երեւոյթ արժանի պատասխանը պիտի ունենայ։ Այս դէպքում Համաստեղն է զանգ կախում եւ լաւագոյնս լուծում իր առջեւ դրած խնդիրը։ Մեզ մնում է ընկալել եւ մեկնել…( Ի դէպ, Համաստեղին մեզանում բացայայտելու պատիւն այս անգամ ստանձնել է բ.գ.դ. Մ. Մ. Խաչատրեանը։ Տե՛ս Համաստեղ, Մոռացուած էջեր, Երեւան, 2005։)

Հայը ոճրագործութեան գնալ չի կարող, բայց դաս տալ ոճրագործին կարող է, ուստի յաւերժական ճամբորդը, արարելու իր կերպով արեւին փարուած, գնում է դէպի յաւերժութիւն… Յիշեալ պատմուածքներով եւս Համաստեղը տուել է իր դասը եւ կառուցել իր անլռելի զանգակատունը…

ԿԱՐԻՆԷ ՌՈԲԵՐՏԻ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

ԵՊՀ, բ.գ.թ., դոցենտ

Leave a Reply