ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ
Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Վկայ եղա՞ծ էք ժամը հարիւր քիլոմեթր արագութեամբ սուրացող մրրիկի մը, որ իր ընթացքին մէջ առանց խնայելու ատակ է արմատախիլ ընել ծառեր ու վար առնել բնակարաններու կտուրներ։ Ներսէս Պարսումեան այդ մրրիկը հանդիսացած է 1940-50-ական թուականներուն՝ Հալէպի ազգային ու ուսումնական կեանքին մէջ։

Ներսէս Պարսումեան, մօտ 25 տարեկան, սեւ մազերով ու խոշոր ակնոցներով, մեր ուսուցիչներէն մին եղած է Հալէպին Ազգային Հայկազեան վարժարանին մէջ։ Այդ տարիներուն, Հալէպի բաղդատաբար նորակազմ գաղութին մէջ արաբերէն լեզուին տիրապետող անձերու սակաւութիւնը անհրաժեշտ դարձուցած էր, որ ան դասաւանդութեան կողքին միջնորդի դերով լուծէ կառավարական գրասենեակներու եւ կրթական ազգային հաստատութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խոչընդոտներն ու զանազան տեսակի հարցերը։

Ներսէս Պարսումեան, երկրորդական իր ուսումը կատարած ըլլալով Հալէպին նշանաւոր արաբական Սուլթանիէ վարժարանին մէջ, փնռուած միակ անձն էր, որ կը տիպապետէր արաբական լեզուին։ Ան հեղինակն էր նաեւ հայերէն լեզուով աշխարհագրութեան գիրքերու շարքի մը, որոնք ուսումնական խորհուրդին կողմէ յանձնարարուած էին գործածուելու Սուրիոյ բոլոր ազգային վարժարաններուն մէջ։

Հայկազեան վարժարանի կողքին, Ներսէս Պարսումեան կը դասաւանդէր նաեւ Հալէպի մէջ նոր հիմնուած Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ ու, մանաւանդ, սիրայօժար, առանց նիւթական ակնկալութեան, կը գործադրէր առաջնորդարանին արաբերէն լեզուով կատարուելիք բոլոր գործերը, ինչպէս նաեւ նամակագրութիւնները, որովհետեւ առաջնորդարանին երկար տարիներու քարտուղար Սամուէլ Գայնաքեան՝ անծանօթ արաբերէն լեզուին՝ ատակ չէր կատարելու սոյն գործերը։

Ժամանակի ընթացքին՝ այս պարտականութիւններուն վրայ աւելցաւ ուրիշ մը, երբ հրատարակուիլ սկսաւ «Արեւելք» օրաթերթը, որուն կառավարութեան մօտ կատարուելիք բոլոր գործողութիւնները սիրայօժար կերպով յանձն կ՚առնէր ան, միաժամանակ թերթին հայթայթելով թարգմանական գրութիւններ արաբական մամուլէն։

Այսպիսով, իր բազմազան պարտականութեան մէջ խեղդուած՝ Ներսէս Պարսումեանի կեանքը գրեթէ անմարդկային վազք մը եղած էր՝ սուրալով վարժարանէ վարժարան, առաջնորդարան ու «Արեւելք» օրաթերթի խմբագրատուն, դանդաղ քալելը անհնար էր իրեն համար, ստիպուած էր սուրալ, կարենալ հասնելու համար իր վզին փաթթած բոլոր պարտականութիւններուն։ Կրթական ու ազգային կեանք համանուագ մըն էր, որուն իր ամբողջական մասնակցութիւնը չէր զլանար Ներսէս Պարսումեան։

Մեր առաջին շփումը իրեն հետ եղաւ, երբ երկրորդ դասարանի աշակերտ էի. ան դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը, դասարան մտնելէ ու տեղաւորուելէ ետք իր սեղանին ետեւ, ներկայացուց ինքզինքը իբրեւ աշխարհագրութեան դասատու. նախ խօսեցաւ մեր հայրենիքի մասին, հոգ չէ, թէ ոչինչ գիտէինք այդ մասին, թէ ի՞նչ է ան. մանկութեան ու պատանեկուեան, երազի ու ոգեւորութեան տարիներ, որոնք ժամանակի ընթացքին դարբնուեցան վճռակամութեամբ ու հաւատքով մեր բոլորին մօտ։

Հարկ է նշել, որ դպրոցին ուսուցիչներէն շատերը, իրենց սեփական անուններէն անդին մեզի աւելի ծանօթ էին իրենց մակդիրներով, որոնք կոչուած էին յայտնաբերելու ենթակայէն թաքուն գիծ մը, կամ մոլութիւն մը, որպէս անջնջելի կնիք։ Ներսէս Պարսումեանին փակցուած մակդիրը «մօթոր» էր։

Չորրորդ դասարան, աշխարհագրական դասապահ. դասարանին աղմկարարներն ու անառակները, որոնց կարգին նաեւ անձս, բազմաթիւ ազդարարութիւններէ ետք, դարձեալ շարունակելով անկարգութիւնը, դասընկեր Սուրէնն ու ես արժանացանք իր կողմէ արձակուած շառաչիւն ապտակներու։ Նոյն օրուան երեկոյեան, Ներսէս Պարսումեան առաջնորդարանին մէջ հանդիպելով հօրս, խօսած էր իմ կատարած անկարգութիւններուն մասին. տուն գալով, հայրս բարկացած իր մօտ կանչեց զիս, ըսելով՝ «Անառակ, ի՞նչ խայտառակութիւններ կատարած ես, որ այս բարի ուսուցիչը քեզի ապտակէ…ամօթ է մեզի, անգամ մըն ալ նման բաներ չլսեմ»։

Եթէ չեմ սխալիր, դարձեալ չորրորդ դասարանի աշակերտ էի, երբ գարնան զով պայծառ առաւօտ մը, դպրոց մուտք գործելով, տեսանք պարոն Պարսումեանը, որ ձայնին մէջ ողբերգական շեշտ մը դնելով, մեզի հաղորդեց ոջիլի շատ մը պարագաներ նկատուած ըլլալը աշակերտութեան մօտ, եւ թէ դպրոցի տնօրինութիւնը բոլորս կը պարտադրէ խուզել մեր գլխուն մազերը։ Ան նոյնիսկ տեղեկացուց, որ տնօրինութիւնը յառաջիկայ օրերուն՝ դպրոց պիտի հրաւիրէ սափրիչ մը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը նստեցնելով նահատակութեան աթոռին վրայ, պիտի խուզէ մեր գլուխները զէրօ աստիճանով…։ Դժգոհութիւն, իրարանցում ու վիրաւորուած արժանապատուութիւններ մեր շարքերուն մէջ. մենք ոջիլ չունինք ու բացարձակապէս կը մերժինք մեր գլուխները խուզելը՝ եղաւ մեր պատասխանը։ Բոլորս հեռացանք դպրոցէն ու խումբով օրը անօթի-ծարաւ անցուցինք Սեպիլի ճամբուն վրայ գտնուող պարտէզի մը մէջ, պատրաստելու համար մեր պաշտպանողականը։ Պտոյտի իտէալ օր մը եղաւ այդ օրը, ամեն մարդ իր գործին, խճողումէ հեռու, մեզի ձգուած էր ասպարէզը…։

Վերջ ի վերջոյ, տնօրինութիւնը տեղի տուաւ, բաւականանալով, որ իւրաքանչիւրիս մազերը կարճ կտրուին, պայմանաւ, որ ամենքս գործածենք դպրոցին բժիշկին կողմէ յանձնարարուած ոջիլասպան դեղերը։

Հարկ է նաեւ նշել, որ աշակերտութիւնը դժգոհանքի խոր ալիքներ բարձրացուցած էր ամիս մը առաջ, բոլորիս պարտադրուած թիֆոյիտի դէմ պատուաստին նկատմամբ։ Այդ նպատակին համար, գործածուած հաստ ու երկար ասեղները, ու անոր անմիջական հետեւեանք՝ մեր թեւերուն վրայ յառաջացած ուռուցքները, կարմութիւններն ու ցաւերը, որոնք բազմաթիւ օրեր կը տեւէին, սարսափեցուցած էր բոլորս…։

Ներսէս Պարսումեան համակրելի, սակայն սահմանափակ հաղորդականութիւն ունեցող անձ մըն էր, ու իր յարաբերութիւններուն մէջ քիչ մը չոր, սակայն ան ուղղամիտ էր, պարտաճանաչ ու վեհանձն։ Հակառակ մօտ չորս տարի մեր ուսուցիչը ըլլալուն՝ քիչ բան գիտէինք իր անձին ու ծրագիրներուն մասին՝ շնորհիւ մի քանի դասընկերներու հետաքրքրութեան։ Կողմնակի աղբիւրներէ տեղեակ եղանք, որ ան պիտի ամուսնանար ու մօտ երկու շաբաթով պիտի բացակայէր դպրոցէն։ Այս դէպքը առիթ հանդիսացաւ, որ դասընկերս Վարդգէս, որ կը սիրէր ծաղրաբանութիւնը, ու հիւմոր ունէր, գրութիւն մը յերիւրեց, որուն միտքը մօտաւորապէս հետեւեալն օր՝ «Մեր մօթոր Ներսէսը պիտի ամուսնանայ, սակայն դրամ չունենալնուն՝ բարեկամներէ ու դրամատունէ դրամ փոխ պիտի առնէ, ուստի մօթորը աւելի արագ պէտք է աշխատի». այս գրութիւնը բարձր ձայնով ու միաբերան երգուեցաւ դասարանին մէջ, այդ շրջանին…անշուշտ իր բացակայութեան։

Ամուսնութեան պատճառաւ բացակայութեան ընթացքին, իր դասապահին՝ մեր հայերէնի ուսուցիչ Եդուարդ Պոյաճեան «սերտողութեան պահ»ի անուան տակ կը հսկէր դասարանին, ի մեծ գոհունակութիւն բոլորիս, որովհետեւ ան դասարանին դուռը բաց ձգած, կանգնելով դռնեն քիչ մը անդին, հանգստօրէն կը ծխէր, միշտ գերին իր մոլութեան՝ ծխախոտին։

Դպրոցական տարուայ վերջին օրը, մէկը դպրոցական կեանքի ամենաերջանիկ օրերէն, երբ ուսուցիչ-աշակերտի միջեւ տարուայ ընթացքին գոյութիւն ունեցող պատուարի պատերը կ՚անհետանան, եւ ուսուցիչ ու աշակերտ կը դառնան մտերիմներ ու խաղընկերներ, պարոն Պարսումեանի պարագային երբեք չենք նկատած այդ պատին ամբողջովին փլչիլը…։

Ներսէս Պարսումեան, բարի, ազնիւ, ուղղամիտ, ծառայասէր ու հայրենասէր անձ մըն էր. ան մրրիկի արագութեամբ ու առանց տրտնջալու կը կատարէր իր բազմաթիւ ու բազմազան պարտականութիւնները, ան մեծ համարում ու յարգանք ունէր մեր ազգային եկեղեցւոյ դերին մասին, ու եկեղեցին կը նկատէր մեր ազգին գոյութեան գլխաւոր հիմնաքարը։

Յարգանք իր բազմազան վաստակին։

Մոնթրէալ

Leave a Reply