— Հայրի՛կ, Մարալը կ՚ուզէ ձեզի ծանօթանալ,— յայտնեց աղջիկս երբ վերջերս այր ու կին Ֆրեզնօ կը գտնուէինք իրեն այցելութեան,— դուն անոր հօր հետ թղթակցած ես եղեր։
Զգացուած էի նման հետաքրքրութեան համար. Մարալ Գալիֆորնիոյ թոռնիկներուս դասընկերներուն մեծ մայրն էր։ Բայց ո՞վ էր իր հայրը, որուն հետ կապ հաստատած եմ եղեր ատենին։ Յետ պրպտումի ի յայտ եկաւ, որ խօսքը Սիմոն Սիմոնեանի մասին էր։ Այս անգամ ծանօթանալու ցանկութեան ծանրութիւնը տեղափոխուեցաւ ա՛յս կողմ։ Ի՞նչ անակնկալ. ուրկէ՞ ո՛ւր առիթ պիտի ունենայի զրուցելու անուանի մտաւորականին՝ ուսուցիչին, արձակագրին ու հրապարակագրին մէկ հարազատին հետ, «ի բերանոյ իւրմէ» լսելու անոր մասին։ Continue reading Սիմոն Սիմոնեան միշտ մեզի հետ→
ՏՈՄՍԱԿ – ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Բովանդակ հայ ժողովուրդի միացեալ կազմակերպութիւնը (սղագրուած՝ ԲՀԺՄԿ) 1966 յունուարի 1-ին, ժամը ճիշդ 4-ին պիտի կատարէ հայ ժողովուրդի ծննդեան տասհազարամեակի տօնակատարութիւնը, Իւնեսքոյի բոլոր սրահներուն մէջ։
Կը խնդրուի հայկական կուսակցական, կրօնական, աշխարհական, բարեսիրական, մարզական, դպրոցական, հայրենակցական, իգական, արական, երիտասարդական, ծերական, մանկական բոլոր կազմակերպութիւններէն խաչաձեւել, նո՛յն օրը, նո՛յն ժամուն եւ … նո՛յն սրահներուն մէջ կազմակերպելով իրենց հանդիսութիւնները։ Continue reading ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ԽԱՉԱՁԵՒԵԼ→
Պատերազմը կարծես թէ լռել էր կամ էլ՝այդպէս էր թւում…25 տարի առաջ…
Խոնաւ նկուղներից մէկիկ-մէկիկ դուրս էին գալիս մանուկներ, աչքերում՝ արեւի եւ լոյսի փափագ: Նրանք վախուորած դեպի երկինք էին նայում ու մտածում՝ յանկարծ օդում ինչ-որ «թռչող բան» չյայտնուի: Այնտեղ՝ նկուղում, նրանց ամիսներ շարունակ սաստում էին. «Յանկարծ դուրս չգաք, օդում շատ մեծ թռչուններ կան, նրանք մանուկներ են գողանում»: Continue reading ՀԵՔԻԱԹՆԵՐԸ ՄՆԱՑԻՆ ՀԵՌՒՈՒՄ ԿԱՄ՝ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ, ՈՐ ՉՄԱՆԿԱՑԱՒ…→
—Բարե՛ւ, հայելի՛:
—Ինչպէ՞ս ես:
Այդ առաւօտ շատ աճապարանօք էր երեւի: Նոյնիսկ չանդրադարձաւ, թէ որքա՜ն յոգնած ու կքած է: Նկատեցի՞ր՝ ինչպէ՛ս երեսը կը լուար. արա՛գ, վայրենաբա՛ր…: Ափերուն մէջ պա՛ղ ջուրը կը հաւաքէր ու կը հարուածէր դէմքին, նկատեցի՞ր: Ան երեսը չէր լուար…: Յետոյ, տեսա՞ր ինչպէս ձեռքերը կռթնեցուց մարմարեայ քարին վրայ, երկա՜ր շունչ մը քաշեց ու վիզը կամա՜ց մը վեր հանեց: Երբ դէմքը քեզի հանդիպեցաւ, երկվայրկեան մը դիտեց դէմքէն վար հոսող պաղ ջուրին եւ տաք ու աղի արցունքներուն կաթիլները ու հեռացաւ…: Continue reading ՀԱՅԵԼԻ→
2015-ի աշնան լոյս տեսաւ դերասանուհի, բեմագիր եւ բեմադրիչ Աննի Ռոմանի «Հայաստանցի մեծ մայրիկս» հատորը (Anny Romand, Ma grand-mère d’Arménie, éd. Michel de Maule, Coll. Je me souviens. 2015. 123pp)։ «Հորիզոն գրական»-ի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք անոր ներածականը՝ Հորաս Էնգդալի կողմէ, ինչպէս նաեւ յուշավէպէն հատուածներ, թարգմանութեամբ մեր աշխատակից Գրիգոր Ջանիկեանի։Continue reading «ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ՄԵԾ ՄԱՅՐԻԿՍ»→
Վկայ եղա՞ծ էք ժամը հարիւր քիլոմեթր արագութեամբ սուրացող մրրիկի մը, որ իր ընթացքին մէջ առանց խնայելու ատակ է արմատախիլ ընել ծառեր ու վար առնել բնակարաններու կտուրներ։ Ներսէս Պարսումեան այդ մրրիկը հանդիսացած է 1940-50-ական թուականներուն՝ Հալէպի ազգային ու ուսումնական կեանքին մէջ։ Continue reading ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ→
Ծաղկաձորէն եւ Աղվերանէն ետք, այս անգամ հայրենի մեր բարեկամները մեզի,— այսինքն՝ ինծի եւ կնոջս, — թելադրեցին «օդափոխութեան համար» նոր վայր մը՝ Ստեփանաւան երթալ: Թէեւ գիտէի, որ Հայաստան համայնավար հերոս Ստեփան Շահումեանի անունը յաւերժացնող բազմաթիւ յուշարձաններ կային, սակայն իր անուան հետ կապուած օդափոխութեան վայրի մը գոյութեան մասին անկեղծօրէն անտեղեակ էի:
Ստեփանաւանը Լոռիի շրջանէն ներս գեղեցիկ ու մեծ գիւղ մըն է,— աւան մը, ինչպէս անունը կը թելադրէ,— որուն շրջակայ բլուրներուն վրայ հանդարտօրէն հանգչած էին այսպէս կոչուած «հանգստեան» տուներ: Եթէ գիւղէն դէպի պանդոկներ տանող ճամբուն խեղճութիւնն ու զանազան հոտերը նկատի չառնէի, իր տեսքէն դատելով ան փոքր Զուիցերիա մըն էր ինծի համար: Continue reading Ո՞ՒՐ ԵՐԳԵԼ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԱՂՕԹԵԼ→
Սատանան իր սեւ կրակներով ու կանանչ բոցերովը պահ մը երկինքը վառելէն ետքը, գերի էր ինկած հրեշտակապետներուն ձեռքը, որոնք զայն մուխէ շղթաներով կապկպած բերին ձգեցին Ամենակալին ոտքը: Լոյսէ աթոռին վրան էր Ան: Այնքան բարի էր, որ մեղքցաւ իր առջեւ կըտոցւող հրէշին տառապած մարմնին վրայ։
Ու ձիւնափառ լեռան կատարին, ուր այնքան լուսնկաներ մագլցեցան եւ ուրկէ այնքան արեւներ մութին ծոցը թափեցան, այս իրիկուն, երբ գիշերը կը կիսուի ճիշդ մէջտեղէն, Աստուածութիւն մը կ՚իյնայ մէկէն։ Աւանդութիւնը մոռցած է անոր անունը եւ զգուշացած ճշդելէ անոր դաւանանքը:
Բայց ինծի կու գայ թէ անիկա փախստական ու տառապող Աստուած մըն է, Արեւմուտքէն հոն նետուած հէքեաթին միւս զմայլելի շղթայուողին նման, որուն լեարդին անգղ մը իր սատափէ կտուցը կը փորձէ, չորս դին պատնող ձիւնին վրայ պուտ պուտ Continue reading ԿԱՂԱՆԴ ԳԻՇԵՐՈՎ→
Արդէն քառորդ ժամէ ի վեր թոռնիկիս յաճախած մանկապարտէզի դրան մուտքին, շատ մը ծնողներու հետ, Քալիֆորնիոյ տաք արեւէն պատսպարուելու համար, նիհար ծառի մը շուքին տակ կեցած, ես ալ անհամբեր կը սպասէի արձակուելու զանգին: