ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ

ԳՐԻՉԸ


Դպրոցական
տարիներուս
գրիչը շատ կը սիրէի.
մելանի բոյրը կը մղէր զիս
Հոտուըտալու զայն յաճախ.
գրիչը
այն ժամանակ
չափահաս ուսանողներու կալուածին պատկանող
սեփականութիւն կը համարէի։
Հիմա,
ամեն անգամ
գրենական պիտոյքներու խանութ մը երբ այցելեմ,
ես ինծի կ՚ըսեմ,
թէ գրիչն ու կաղամարը
ինչպէս մեր դպրոցի մեծահասակները
անրջաբոյր պատկերի մը խորքերուն մէջ մնացին։
Հիմա,
երբ կը գրեմ
բառերը կը հոտոտեմ։

ԾԱՂԻԿՆԵՐԸ

Ճանապարհիդ
որքա՜ն ծաղիկներ նշմարեցի.
անոնք կարծես
մթնշաղի պահերուն
ափերուդ մէջ փունջ փունջ վարդերն ըլլային։
Քանի յառաջանայի,
անոնց վարդագոյնով բռնկած հորիզոնը
մարող-չմարող լապտերի նման կը փայլփլէր.
այդ մութ կարմիր ծաղիկներու հրդեհէն,
տիեզերքի տարածքին
ծիրանեգոյն կայծեր կը յայտնուէին։

Քեզ կորսնցուցած ըլլալ կը կարծէի…

* * *

Քամի՛
պատանեկան տարիներուս
օր մը ինծի սիրոյ մասին շշնջացիր
եւ շուտափոյթ հեռացար.
ըսէ, հիմա ծիածանի ո՞ր մէկ կողմէ
քեզ փնտռեմ,
այդ երբեմնի շշուկդ ջերմ
կրկին անգամ
լսելու։

ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Երբ շուրջս էիր
ճամբաները
ոտնաձայնիդ եռուզեռով լեցուն էին
շուքը կանաչ էր ճամբեզրի ծառերուն.
հիմա ձիւնէ բլուրներ կան
մշուշապատ հորիզոններու ետին.
հրդեհներ կան,
որ սրտիս մէջ կը նորոգուին
մայրամուտի պահերուն։
Առանց քեզի, սիրելիս,
վերադարձը
ճամբաներու համար չէ։

* * *

Աչքերդ
մի պահեր աչքերէս,
արցունքներս քեզ կը ճանչնան։

* * *

Արե՛ւ, լուսնի ներքեւ
գլուխ գլխի շշնջացողներուն
որքա՜ն աղմկարար կը թուիս դուն։

* * *

Հայրս կ՚ըսէր.
— Երբ ծերանաս,
աչքերուդ մէջ
խուսափողի պէս կը նային.
շուկայի մէջ փնտռուած առարկայի մը կողքին՝
ոչ անհրաժեշտ
առարկայ մը
տեսնողի պէս կը դիտեն քեզ,
մայթէ ի մայթ անցնելու
ժամանակին թոյլ տուածին չափ միայն։

Leave a Reply