Բանաստեղծին, որ փառաւորեց հայ գրականութիւնը եւ Աստուած փառաւորուեցաւ իրմով

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԷՔԵԱՆ

Սիրելի, շա՜տ սիրելի Ժագ Յակոբեան,
Ձեր անցած գրեթէ հարիւր տարիներու ընթացքին դուք հարիւր անգամ ապրեցաք տարուան չորս եղանակները. հետեւաբար կը հաւատանք եթէ ըսէք մեզի թէ, տարին միայն չորս եղանակ չունի, այլ՝ քառասուն, եւ այդ քառասունին երեսունինըն հայո՛ւն համար կը ստեղծուի։
«Հայ» բառին երեք տառերը սուրբ երրորդութեան նման փոխանցեցիք մեր ազգին, եւ ձեր 36,200 օրերուն իւրաքանչիւրը ապրեցաք իբրեւ հայ ուխտաւոր եւ Աստուածատուր առաքեալ։
Չեմ կրնար չմտածել թէ Դանիէլ Վարուժան նահատակուեցաւ 1915-ի Օգոստոսին, եւ դուք ծնաք ճիշդ երկու տարի ետք 1917-ի Օգոստոսին։ Այն օրէն որ Նիկոլ Աղբալեան լուսազօծեց ձեր տաղանդը, դուք ութսուն տարի առանց դադարի՝ Աստուծոյ ձեզի շնորհած մէկ տաղանդը վերածեցիք հարի՛ւրի։
Ձեր նորահարսին հետ երգեցիք Մեղրալուսինը։ Քերթողութեան Գաղտնի Ճամբայէն անցնելով վառեցիք ճրագները մեր նախնիներուն, նահատակներուն, տօներուն եւ աւանդութիւններուն, ձեր սերունդին եւ յաջորդող սերունդներուն համար։  Մեր տուներուն հարազատ բոյրը եղան ձեր Ժագափունջերը։ Հայաբոյր Մարգարտաշարներ են ինչ որ քերթողած էք ձեր մօր ու հօր եւ ձեր հինգ զաւակներուն մասին։ Իբրեւ Սփիւռքի բանաստեղծ ներբողեցիք հայկական կազմակերպութիւնները եւ մանաւանդ հայ վարժարանը։ Ու հակառակ ձեր դեղագործի վկայականին, երբ որ հարկ էր՝ մտաք հայկուկներու դասարաններէն ներս եւ անոնց հոգիին հաւատք ու մտքին լոյս ջամբեցիք, ինչպիսի՜ գուրգուրանքով ու հմտութեամբ։ Ձեր հազարաւոր աշակերտներէն ոմանք կը վկայեն թէ ինչպէս սիրցուցիք հայերէն լեզուն, հայութեան հայրենիքը, հայկականութեան գիտակցութիւնը։
Իբրեւ բանաստեղծ՝ առաջին օրէն ունեցաք ինքնուրոյն ոճ մը — կուռ եւ առոյգ, պատկերներու խտութեամբ ու յուզականութեամբ, բառերու շքերթով որ յաղթանակող բանակի մը քալուածքին ռիթմը կը յուշէ։ Երբեմն շեփորահար, երբեմն սրնգահար, սպարապետ ու քուրմ, արդարադատ ու սրտազեղ, միշտ հայոց հին ու նոր պատմութեամբ թաթաւուն։
Ինչ որ կատարեցիք՝ լաւագո՛յնը ըրիք։ Լաւագոյն ամուսին ու հայր, որդի եւ բարեկամ, քարոզիչ ու դաստիարակ, Աստուածապաշտ ու մարդկայնասէր, բանաստեղծ եւ տեսիլքի ռահվիրայ։
Աւա՜ղ, դուք որ երկնեցիք Մասիսածին-ը, դուք որ Արարատը բարձրացուցիք Սփիւռքի բոլոր անկիւններուն ուր հազարաւոր ընթերցողներ ունէիք, դուք որ Սփիւռքի եւ Հայաստանի հաւատքի երգիչն էք, երբեք չհրաւիրուեցաք հայրենի հողին վրայ ոտք դնելու, ֆիզիքապէ՛ս հաղորդուելու։ «Հիմա արդէն ուշ է», ըսիք քանի մը տարի առաջ անհուն բարիութեամբ ու մղկտացող սիրտով, «ես հոգեկան աչքերով ամե՛ն օր կը տեսնեմ զայն»։ Ափսո՜ս, հազար ափսոս։
Սակայն դուք միշտ երիտասարդ մնացիք։ Ո՞ր ութսունինը տարեկան ալեւորը կը հրատարակէ իրեն վաթսունհինգ տարուայ կենակից Լիլոյշին ձօնուած հատոր մը. կը յիշեմ ի՜նչ խանդաղատանքով ընթերցասանիք զանոնք Նիւ Ճըրզիի սրահի մը մէջ, զարմացնելով՝ սէրը տարիքի հետ շփոթող ունկնդիրները։ Շատեր չեն գիտեր թէ զուարթ էք բնաւորութեամբ եւ բացառիկ հիւմըրի տէր։ Ամեն հեռաձայնելուս՝ նոր հատոր մը կա՛մ հրատարակուած է, կա՛մ մամուլի տակ է։ «Այլեւս ո՞վ պիտի կարդայ» կ՚ըսէք եւ… անդադրում կը գրէք։ Նման չէք այլ գրողներու, դուք ունիք ո՛չ թէ հարց ու հարցումներ, այլ՝ պատասխաններ։
Հարիւր տարին անբաւարար է այսքան նուաճում կատարելու. բայց Աստուծոյ օրհնութիւնը՝ ձեր մտքին իմաստութիւն եւ գրիչին քաջութիւն տուաւ։ Ձեր մեծագոյն սէրը մնաց Յիսուս Քրիստոս։ Սուրբ գրային վերլուծումներու եւ բանաստեղծութեան ջահակիրն էք հոգեւոր թերթերու մէջ։ Սիրուած քերթողը մեր բեմերուն ու մամուլին։
Աստուածաշունչով արբշիռ՝ ստեղծեցիք  բազմաթիւ կարկաչուն վտակներ ու գեղահունչ յաւիտենականութիւն։ Քարոզեցիք, մխիթարեցիք անմխիթարները, անկարները,  անտեսուածները, յուսահատները, միայնակները, կարեկից եղաք ու շալկեցիք անոնց վիշտը։ Խաղաղ կեանքէ զրկուած մարդոց՝ Աստուծոյ դեղագիրը տուիք։ Գառնուկի նման քալեցիք Յիսուսի հետ, բայց առիւծի՛ պէս պաշտպանեցիք Քրիստոսը մամուլով, բեմերէն, բանիւ եւ գործով,  անոնց դէմ որ կը թերագնահատէին կամ կ՚արհամարհէին խաչեալ Փրկիչը։ Ձեր փոյթը իսկ չէ թէ ձեզ «ռուհճի» կ՚անուանեն — ընդհակառակը՝ կ՚ուրախանաք որ հոգեւոր կը նկատուիք։ Մինչեւ հիմա կը զարմանամ թէ ինչո՞ւ Գրիգոր Նարեկացին «ռուհճի» չի կոչուիր։
Դուք որ մի՛շտ խուսափեցաք փառք ու պատիւէ, պնդելով թէ միայն Աստուա՛ծ արժանի է անոր, այս երեկոյ ընդունեցէ՜ք այս սկիհը՝ սիրոյ ու յարգանքի, որովհետեւ դուք հոգեհա՛յրն էք Հաւատքի եւ Հաւատարմութեան։ Այս սկիհին մէջ միախառնուած են հայ ժողովուրդէն բխած՝ սիրոյ մարգարիտ, կարօտի ձայն եւ խաղաղութեան օրօր։
Եւ օր մը երբ Հայր Աստուած որոշէ բարձրացնել ձեզ այս աշխարհէն՝ պիտի ըսէ. «Եկո՛ւր որդեակ, դուն որ հաւատքը պահեցիր, բարի գործերը կատարեցիր, մտի՛ր քու Տիրոջդ արքայութեան մէջ»։

Նիւ Ճըրզի
Խմբագրութեան կողմէ. Բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի հարիւրամեակին առթիւ՝ բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեանի կողմէ այս ուղերձը ընթերցուած է յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին, 30 հոկտեմբեր 2016-ին։ Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Մաշտոց Գոլէճին կողմէ, նախաձեռնութեամբ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի, եւ մասնակցութեամբ Լոս Անճըլըսի բազմազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու։ Ի դէպ, յոբելեարը ծնած է 1 օգոստոս 1917-ին, Երուսաղէմ։

Leave a Reply